Ակնայի Մօտակայքը 9-10-րդ Դարու Խաչքար Յայտնաբերուած է

Այլեւայլ, Հայաստան

Նոյեմբեր 4-ին, Նորագիւղի բնակիչ Արթուր Յակոբեան, Ակնայի (Աղդամ) մօտակայքը հողը մշակելու ժամանակ, խաչքար յայտնաբերած է:

Artsakhpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ «Պատմական միջավայրի պահպանութեան պետական ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արմինէ Հայրապետեան ըսած է, որ իրենց կառոյցի Ասկերանի աշխատակիցները այցելած են տուեալ տարածք եւ ծանօթացած խաչքարին:

«Ըստ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեանի՝ խաչքարը կը թուագրուի 9-10-րդ դարերով»,- նշած է Ա. Հայրապետեան:

Անոր խօսքով՝ անցեալ տարի նոյն տարածքին մէջ  խաչքար մը եւ խեցեղէնի կտորներ եւս գտնուած էին: Գտնուած երկու խաչքարերը առայժմ նոյն տեղն են:

 

լուսանկարը՝ Վալերի Պետրոսեան