Ի Խորոց Սրտէ. Տարօն Յարութիւնեանի Անմար Յիշատակին

Հայաստան, Սփիւռք

Բառերն անզօր են մեր վաղամեռիկ ընկերոջ՝ Տարօնի մահուան ցաւն ու վիշտը արտայայտելու համար, յաճախ գրեթէ անհնար է համակերպիլ նոյնիսկ Աստուծոյ կամքին։ Կորուստը մեծ է բոլորիս համար, ցաւը՝ խորունկ ու անսփոփելի։

Հողին յանձնեցինք մեր սիրելի ընկերոջ անշնչացած մարմինը, սակայն անոր յիշատակը պիտի մնայ անշէջ, որովհետեւ Տարօնը օժտուած էր կեանքի ամենաբարձր արժէքով՝ ՄԱՐԴ ըլլալով։ Անոր հայրենասիրական ոգին շատ համահունչ էր իր անուան, ունէր Սասունցիին յատուկ խիզախութիւն, գամիշլիցիին բնորոշ անկեղծութիւն ու նուիրում, դաշնակցականին վայել հաւատարմութիւն՝ իր բոլոր ընկերներուն հանդէպ։ Նուիրեալ զաւակ էր, հոգատար եղբայր, երեխայասէր հայր եւ պատասխանատու ու սիրող ամուսին։

Տարօնի դէմքին միշտ գծագրուած ժպիտը կը վկայէր անոր ազնւութեան ու մարդկային բարձր արժէքներու մասին, որեւէ հարցով անոր դիմելուն ի պատասխան Տարօնէն լսուող «սիրով» բառը նշան էր անոր բարիացակամ եւ բարեհամբոյր ըլլալուն, «ինչպէս կուզէք», կ’ըսէր յաճախ Տարօնը յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը, դիմացինին որեւէ բանով օգնելու համար։

Ինչպէս մխիթարուիլ եւ համակերպիլ այս վաղաժամ կորուստին հետ, ինչպէս սփոփել այրող մօր սիրտը, քոյրերու վիշտը, կնոջ կսկիծն ու հարազատներու եւ ընկերներու թախիծը. կայ միայն մէկ միջոց՝ ապրիլ այնպէս, ինչպէս Տարօնը կ’ուզէր տեսնել մեզ՝ անոր վարակիչ ժպիտն ու կենսուրախութիւնը մեր մէջ կրած, պէտք է ապրինք այնպէս, որ անոր հոգին հանգիստ թեւածէ մեր երկնակամարին, պէտք է ապրինք Լեւոն Շանթի յորդորով. «Կեանքը իր ճամբով, մահը իր ճամբով», իսկ յիշատակը միշտ վառ….

Թող Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ մայր հողի մէջ թաղուած անոր մարմնէն յորդող սէրն ու ազնւութիւնը ծլարձակի ու բազմանայ։

Յիշենք, որ ժառանգ ու բարի համբաւ ունեցողի յիշատակը անմար է, իսկ հոգին անմահ է… հետեւաբար ապրինք՝ հաճոյանալով անոր կենսուրախ ու կեանքով լի հոգիին … ապրինք Տարօնի’ ժպիտով…

Խունկ, մոմ եւ աղօթք անոր անմար յիշատակին։

Նայիրի Մկրտիչեան