Թուրքիոյ Բնակչութեան Հինգէն Մէկը Հայ Էր, Իսկ Հիմա Նոյնիսկ Մարզադաշտ Մը Չենք Լեցներ. Փայլան

Աշխարհ, Սփիւռք

Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ընթացող յառաջիկայ տարուան ամավարկին վերաբերեալ քննարկումներուն ընթացքին, ըստ հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասենեակէն հաղորդուած տեղեկութիւններուն, Փայլան, որ անդամ է Ամավարկի եւ ծրագրաւորումի յանձնախումբին, կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նիւթին վերաբերեալ հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Նախքան 1915-ը, այս հողերուն վրայ հայեր կը բնակէին եւ իւրաքանչիւր հինգէն մէկը հայ էր այս երկրին մէջ: Իսկ հիմա նոյնիսկ մարզադաշտ մը չենք լեցներ, եթէ բոլորս ի մի հաւաքէք: Անշո՛ւշտ չշոգիացանք: Պատահեցաւ մեծ աղէտ մը, զոր դժբախտաբար 104 տարիէ ի վեր կը մերժենք՝ ուրացումի քաղաքականութեամբ. կը մերժենք խօսիլ այս մասին: Տեսէ՛ք, այլ խորհրդարաններ կը խօսին այս մասին եւ մենք կ՛ըսենք թէ թող չխօսին: Նիւթ մը, որ կը վերաբերի այս տարածաշրջանին, թող խօսուի այս տարածաշրջանին մէջ: Եթէ կայ աշխարհի վրայ միակ խորհրդարան մը, ուր այս նիւթը պէտք է խօսուի, Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովն է: Որովհետեւ մենք այս հողերուն զաւակներն ենք»: