Սեպտեմբեր 6-ին Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Պիտի Մատուցուի

Վանի տեղական իշխանութիւնները կը պատրաստուին Սեպտեմբեր 6-ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կողմէ Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի Սբ. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք պատարագին: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտարարած է Վանի նահանգապետ և […]

Այժմեան Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղին Մէջ Սբ․ Աստուածածինի Տօնին Պատարագ Պիտի Մատուցէ Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը

Այժմեան Թուրքիոյ միակ հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ, ամէն տարի, Օգոստոսի երկրորդ Կիրակի օրը, կը նշուի Սուրբ Մայր Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Վաքըֆի Մայր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի պատարագ, որմէ ետք […]

Սիւմելա Վանքին Մէջ 5-ամեայ Ընդմիջումէ Ետք Առաջին Պատարագը Պիտի Մատուցուի

Տրապիզոնի Մաչքա գաւառի Ալթընտերէ հովիտին մէջ գտնուող Սիւմելա պատմական վանքին մէջ, հինգ տարի տեւած վերանորոգման աշխատանքներուն պատճառով դադրեցուած պատարագը, առաջին անգամ պիտի մատուցուի Օգոստոս 15-ին։ Կ․ Պոլսոյ Յունաց տիեզերական պատրիարք […]

Անիի Պատմական Յուշարձանները Զոհ՝ Այցելուներու Անփոյթ ու Անխնայ Վերաբերմունքին

Հայաստանի պատմական մայրաքաղաք Անին, որմէ այսօր հայ–թրքական սահմանին` Ախուրեանի արեւմտեան ափին փռուած աւերակները մնացած են միայն, զոհ դարձած են որոշ այցելուներու անփոյթ ու անխնամ վերաբերմունքին: Ermenihaber.am կը հաղորդէ, թէ թրքական […]

Սուրբ Սոֆիայէն Առաջ Թուրքիոյ Մէջ Բազմաթիւ Եկեղեցիներ Մզկիթի Վերածուած Են

Թրքական ոչ իշխանամետ լրատուամիջոցներէն քանի մը հատը ուշադրութիւն հրաւիրած են այն հանգամանքին վրայ, որ Պոլսոյ մէջ բիւզանդական շրջանի Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակը թանգարանէն մզկիթի փոխելու որոշումէն առաջ՝ Թուրքիոյ արեւելքը բազմաթիւ […]

Վանայ Լիճի Ջուրի Մակարդակի Նուազման Հետեւանքով Ի Յայտ Եկած Են Արճէշի Հայկական «Խորտակուած Եկեղեցին»

Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի նուազման հետեւանքով ի յայտ եկած է հայկական պատմական եկեղեցի։  Գիտնական Սետաթ Ուլուկանան պոլսահայ «Ակօս» թերթին մէջ կ՝ահազանգէ, որ հին Արճէշի հայկական այդ եկեղեցին յայտնուած է գանձագողերու […]

Հայ-թրքական Սահմանին Գտնուող Պատմական Կամուրջը Պիտի Վերականգնուի

Թուրքիան պիտի վերակառուցէ աւերուած Անիի պատմական կամուրջը (Մետաքսի ճանապարհի կամուրջ), որ կը գտնուի հայ-թրքական սահմանին վրայ՝ Ախուրեան գետին վրայ։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու, ծովագնացութեան ու կապի նախկին նախարար, այժմ […]

Փայլանը Վանի «Սուրբ Կոյսեր» Մենաստանի Պահպանման Հարցը Բարձրաձայնած Է Թուրքիոյ Խորհրդարանէն Ներս

Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը «Սուրբ Կոյսեր» հայկական մենաստանի հարցը բերած է Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Վանի Գիւրփընար շրջանի Աքբոյու թաղամասին […]

Ջաւախքի Մէջ Վնասած են Հայկական Եկեղեցին ու Գերեզմանները

Անյայտ անձիք ծանր սարքերով վնասած են Ջաւախքի Գոման գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին ու տաճարի բակը գտնուող գերեզմանները: Տեղեկութիւնը՝ Panorama.am փոխանցմամբ՝ յայտնած է Sputnik Գրուզիան: «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակը […]

Վանի Հայկական «Սուրբ Կոյսեր» Վանական Համալիրին Աւերակները Կը Շարունակեն Քանդել (լուսանկարներ)

Վանի Գիւրփընար շրջանի Աքպոյու թաղամասին մէջ գտնուող հայկական «Սուրբ կոյսեր» (Siant Marinos) մենաստանը կը շարունակէ աւերուիլ բնական աղէտներէն ու գանձախոյզներու յարձակումներէն։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։ Վանի «Եուզունճու Եըլ» […]