Սիւմելա Վանքին Մէջ 5-ամեայ Ընդմիջումէ Ետք Առաջին Պատարագը Պիտի Մատուցուի

Աշխարհ, Էրկիր

Տրապիզոնի Մաչքա գաւառի Ալթընտերէ հովիտին մէջ գտնուող Սիւմելա պատմական վանքին մէջ, հինգ տարի տեւած վերանորոգման աշխատանքներուն պատճառով դադրեցուած պատարագը, առաջին անգամ պիտի մատուցուի Օգոստոս 15-ին։ Կ․ Պոլսոյ Յունաց տիեզերական պատրիարք Բարդուղիմէոսը պիտի չի մասնակցի Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին։

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Akunq.net-էն, որ կը հիմնուի թրքական «Հապերթյուրք» պարբերականին մէջ հրապարակուած տեղեկութեան վրայ։ Թարգմանութիւնը կատարած է Անի Մելքոնեան։

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ 88 տարուան ընդմիջումէ ետք, առաջին անգամ 2010 Օգոստոս 15-ին, ուղղափառ քրիստոնեաներուն արտօնուած էր տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցել Սիւմելա վանքին մէջ, սակայն ժայռէն ինալու վտանգին հետեւանքով՝ 2015 Սեպտեմբեր 22-ին, անիկա փակուած էր այցելուներուն առջեւ։

Սկսած էին վերանորոգման աշխատանքներ, որուն պատճառով Սիւմելա վանքին մէջ, 2015-էն ի վեր պատարագ չէին կրնար մատուցել։ Ի վերջոյ, Յուլիս 28-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը՝ Սիւմելա վանքի վերանորորգման աշխատանքներուն աւարտէն ետք՝ հեռատեսիլային խորհրդաժողովի մը միջոցով նշած է․

«Մեր ուղղափառ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն կ՝ուզեմ յայտնել, որ այս տարի՝ Օգոստոս 15-ին, Սիւմելա տաճարին մէջ կրնան մատուցել Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի տօնին պատարագը»։

Էրտողանի յայտարարութենէն ետք՝ Յունաց տիեզերական պատրիարք Բարդուղիմէոսը հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահին եւ շնորհակալութիւն յայտնած, որ Սիւմելա վանքը վերանորոգման աշխատանքներէն ետք կրկին կը բացուի այցելուներուն առջեւ։ Ան տեղեկացուցած է, որ թագավարակի համաճարակին պատճառով պիտի չի մասնակի պատարագին եւ ըսած, որ պատարագը պիտի մատուցեն յոյն երեք հոգեւորականներ։

Կ՝ակնկալուէր, որ այս տարի մատուցուելիք պատարագին այցելուներ գան նաեւ Յունաստանէն, Ռուսիայէն եւ Վրաստանէն, սակայն համավարակին պատճառով կը սպասուի, որ քիչ մասնակիցներ ըլլան։ 2018 Հոկտեմբեր 14-ին, Յունաց տիեզերական պատրիարք Բարդուղիմէոսը՝ վերանորոգման աշխատանքերը տեղւոյն վրայ տեսնելու համար՝ Տրապիզոն այցելած էր։

Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան ամենանշանաւոր կեդրոններէն մէկը համարուող եւ 2015 Հոկտեմբեր 22-ին վերանորոգման աշխատանքներու պատճառով փակուած Տրապիզոնի Սիւմելա վանքին մէջ վերանորոգման աշխատանքերու երկրորդ փուլը աւարտած էր անցեալ ամիս։

2019 Մայիս 25-ին, այցելուներու առջեւ բացուեցաւ տաճարին առաջին հատուածը մինչեւ առաջին բակ, որմէ ետք անիկա արժանացաւ տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան։ Վերանորոգման աշխատանքները կատարուած են 24 լեռնագնացէ եւ հինգ ճարտարապետներէ բաղկացած խումբի մը կողմէն։

Մեծ չափերու ժայռաբեկորներու ամրութիւնը ապահովելու նպատակով կատարուած վերանորոգման աշխատանքերուն ծիրէն ներս՝ կառուցուած են ժայռը պահող պատնէշներ։

https://www.haberturk.com/trabzon-haberleri/79999615-sumela-manastirinda-5-yil-aradan-sonra-ilk-ayin-15-agustosta-gerceklestirilecekortodoks