Սուրբ Սոֆիայէն Առաջ Թուրքիոյ Մէջ Բազմաթիւ Եկեղեցիներ Մզկիթի Վերածուած Են

Աշխարհ, Էրկիր

Թրքական ոչ իշխանամետ լրատուամիջոցներէն քանի մը հատը ուշադրութիւն հրաւիրած են այն հանգամանքին վրայ, որ Պոլսոյ մէջ բիւզանդական շրջանի Սուրբ Սոֆիայի տաճարի կարգավիճակը թանգարանէն մզկիթի փոխելու որոշումէն առաջ՝ Թուրքիոյ արեւելքը բազմաթիւ եկեղեցիներ վերածուած են մզկիթի, որոնցմէ մէկը այժմ Կազիանթեփի մէջ է  (պատմական Այնթապ)։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

1873-1893թթ․ Այնթաի մէջ հայ յայտնի ճարտարապետ Սարգիս Պալեանի նախագծումով եւ Սարգիս Թաշճեանի կողմէ կառուցուած հայկական փառահեղ Սուրբ Աստուածածին  եկեղեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք՝ 1920թ․ ի վեր շահագործուած է իբրեւ բանտ։

1980թ․ Կազիանթեփի նախկին նահանգապետերէն Ապտուլքատիր Աքսուի որոշումով, որ աւելի ուշ եղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը, հայկական եկեղեցւոյ վրայ փոփոխութիւններ կատարուած է եւ վերածուած է մզկիթի։ 

Աղբիւրին համաձայն՝ պատմական կառոյցը իր երբեմնի տեսքը չէ կորսնցուցած։ Այժմ եկեղեցին կը կոչուի Քուրթուլմուշի մզկիթ եւ կը համարուի Կազիանթեփի ամենամեծ մզկիթներէն։ Եկեղեցւոյ արտաքին եւ ներքին պատերուն վրայ քանդակուած խաչերը ծածկուած են կամարակալներով։ Եկեղեցւոյ զանգակատունը վերածուած է մինարեթի։

Կը նշուի, որ եկեղեցւոյ զանգը, որ կշռած է շուրջ 1 թոն, պատրաստուած է Պրազիլի մէջ, Լոնտոնաբնակ հայ բարերար Հրանդ Քէոշքերեանի մեկենասութեամբ։ Այժմ զանգը կը գտնուի Կազիանթեփի թանգարանին մէջ։