Քաղաքացին՝ Ժողովրդավար Պետութիւն Կառուցելու Ճանապարհին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մուրատ Մանուկեան

Ամէն ժողովրդավար երկրի քաղաքացի, մեկնելով իր պետութեան շահերէն առաւել եւս՝ ժողովրդավարութեամբ ամրագրուած իր իրաւունքներու եւ կայուն ու կանխատեսելի ապրելակերպի պահպանման նախանձախնդրութեամբ՝ առաջին հերթին ինք հետամուտ կ՛ըլլայ, որ երկրի պետական հաստատութիւնները (կառավարութեան, նախագահին կամ վարչապետին ենթակայ մարմինները) ըլլան այնքան ամուր, կազմակերպ, արհեստավարժ եւ վերջապէս այնքան անկախ, որ իշխանութեան հասած որեւէ քաղաքական ոյժի կողմէ այդ հաստատութիւններէն որեւէ մէկը իր անմիջական ազդեցութեան եւ կամայականութիւններուն հնազանդեցնելու ձգտող ամեն փորձ մատնուի ձախողութեան:

Այնուամենայնիւ, նոյնիսկ ժողովրդավար պետութիւններու կեանքին մէջ, պիտի պատահին պարագաներ երբ իշխանութեան պիտի հասնին այնպիսի քաղաքական ոյժեր կամ դէմքեր, որոնք պիտի փորձեն շեղիլ ժողովրդավարական սկզբունքներէն, իրենց անհատական կամ խմբակային օրակարգը առաջ մղելու համար: Անոնք պիտի փորձեն հաճոյախօսութեան եւ ամբոխավարութեան անհամար հնարքներով մոլորեցնել քաղաքացիներու այս կամ այն շերտը(երը), օգտագործելով տուեալ շերտէն ներս նախորդ իշխանութիւններու նկատմամբ համակրանքի պակասը, կամ հասարակութեան մէջ քաղաքական, ընկերային, սոցիալական եւ կենցաղային հարցերու առընչութեամբ կուտակուած երբեմն ալ շատ արդարացի դժգոհութեան ալիքները: Անոնք,  “ժողովուրդի կամք”ի անուան տակ պիտի փորձեն իրականութիւն դարձնել իրենց նախասիրութիւններով եւ քաղաքական թեքումներով շեշտուած օրակարգը, յաճախ վտանգելով երկրէն ներս ընդունուած արժէքներու համակարգը,  մինչեւ անգամ` ազգային հիմնախնդիրներու շուրջ վաղուց գոյաւորուած տեսլականներու աղաւաղումը:

Կայացած ժողովրդավարութիւններու պարագային, երբ ընդհանուր ընտրութիւններու որպէս հետեւանք շրջադարձային նման դէպք կ՛արձանագրուի, այդ երկիրներու կայացած հաստատութիւնները, գործող իշխանութիւններէն դուրս գտնուող քաղաքական ոյժերը,  մամուլն ու մտաւորական խաւը միասնաբար, երբեմն անաղմուկ իսկ երբեմն ալ ակներեւ բայց ամէն պարագայի՝ ոգի ի բռին կ՛ընդիմանան, որ այդ շրջադարձային դէպքը իր ժխտական եւ մանաւանդ՝ անուղղելի անդրադարձը չ՛ունենայ տուեալ երկրի քաղաքացիներու տնտեսական կեանքի բարօրութեան, կենսամակարդակին, ազգային շահերուն եւ մարտավարական ու ռազմավարական առաջնահերթութիւններուն վրայ: Կ՛ընդիմանան՝ անվերապահօրէն արտայայտելով անկաշկանդ եւ անաչառ կարծիք: Մամուլի, ընկերային ցանցերու եւ մտաւորականութեան ճամբով ընդհանրացնելով տեղի ունեցածն ու նախաձեռնելով հանրային խօսոյթ՝ (քննարկում) հասարակութեան լայն խաւերուն մատչելի դարձնելու համար գործադիր իշխանութեան պատճառով երկրի տնտեսութեան բարգաւաճման, քաղաքական անդորրին եւ ազգային շահերուն սպառնացող հաւանական վտանգները: Այսպիսով, պատասխանատու եւ յանձնառու քաղաքացին կամ քաղաքական ոյժը(երը) իր զննող եւ վերլուծող տեսադաշտին մէջ պահելով գործադիր իշխանութեան (եւ ոչ միայն) իւրաքանչիւր անպատասխանատու քայլը, երկրի եւ պետականութեան իրաւատիրոջ իր իրաւունքի խոր գիտակցութեամբ, ստանձնած կ՛ըլլայ իշխանութիւններու կամայական սանձարձակութիւնները զսպելու իր պատասխանատուութիւնը: Ստեղծուած այսպիսի մթնոլորտին մէջ, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական հարցերով լաւապէս իրազեկուած քաղաքացին, եթէ ամենեւին չկարենայ ազդեցութիւն բանեցնել գործադիրի կողմէ առնուած որոշումներուն եւ գործելաոճին վրայ, գէթ յառաջիկայ ընտրութիւններուն, քուէարկելու առաջին իսկ առիթով, պատեհութիւն կ՛ունենայ իր ձայնը լսելի դարձնելու եւ սրբագրելու այն սխալը, որ թոյլ տրուած էր նախորդ ընտրութիւններով:

Կայացած ժողովրդավարութիւններու մէջ, պետութեան այս կամ այն հաստատութեան հիմերը խախտելու ձգտող, կամ ազգային արժեհամակարգին դէմ շղթայազերծուած  ապօրինութիւններուն հանդէպ անտարբերութիւնը, համբերատար եւ լուռ ու մունչ հետեւիլը, առաւելագոյն՝ հարիւր օրուան լռելեան ընդունուած մեղրալուսնի շրջանէ մը ետք շարունակել.- “ժամանակ պէտք է տալ կառավարութեան” կամ՝ “հարցերու լուծումը մէկ օրէն միւսը չ՛ըլլար” եւ կամ՝ “մի քննադատէ՛ք. թոյլ տուէք, որ աշխատին”ի տրամաբանութիւնը, արդարացուած չի կրնար ըլլալ, որովհետեւ պետական ամուր եւ արհեստավարժ հաստատութիւնները կը շարունակեն առաջ տանիլ պետութեան գործերը, առանց խորապէս ազդուած ըլլալու գործադիր իշխանութեան պարբերական փոփոխութիւններէն, եւ հետեւաբար՝ նորընտիր իշխանութիւնը, շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ, պ՛էտք է կարենայ ինքզինք դրսեւորել եւ անցնիլ լուրջ աշխատանքի:

Երկրին ու ժողովուրդին սպասարկող այդ հաստատութիւններու աշխատանքը օրինակարգաւորող օրէնքները, հաստատուած կ՛ըլլան անկախ՝ այս կամ այն քաղաքական ոյժի իշխանութեան գլուխ ըլլալու հանգամանքէն եւ բացառաբար՝ երկրին ու ժողովուրդին շահերը նկատի ունենալով: Ուրիշ խօսքով, ամէն նորընտիր իշխանութեան հետ պետական հաստատութիւնները չեն ենթարկուիր քատրային եւ խորքային այնպիսի փոփոխութիւններու, որ մեզի յիշեցնեն անիւը վերստեղծելու օրինակը: Կայացած այս հաստատութիւններն են, որ կ՛ապահովեն երկրի գործերուն անցնցում ընթացքն ու քաղաքական կեանքի բնականոն յաջորդականութիւնն ու շարունակականութիւնը՝ ընտրութիւնէ-նոր ընտրութիւն եւ կառավարութիւնէ-նոր կառավարութիւն:

Ակնյայտ է, որ բացարձակապէս ժողովրդավար այս գործընթացով ստեղծուած կառավարման համակարգը կ՛իմաստաւորուի եւ կ՛արդիւնաւորուի այն պարագային՝ երբ մէկ կողմէ իշխանութիւնները գերադասեն (կամ՝ ստիպուին գերադասել) հաւատարիմ մնալ ժողովրդավարական սկզբունքներուն, փոխանակ ի գին ամէն ինչի փորձեն սպասարկել իրենց խմբակային նեղ շահերը, իսկ միւս կողմէ երբ քաղաքացին ցուցաբերէ պետական հաստատութիւնները քաղաքական այս կամ այն խմբակի ազդեցութիւններէն զերծ պահելու եւ զանոնք համաժողովրդային յարգանքի արժանի հաստատութիւններու վերածելու հաստատ, խոր եւ վեհ գիտակցում: Այս երկուքը միաժամանակ իրար լրացնող,  զսպող եւ անհրաժեշտ տարրեր են առողջ հասարակութեամբ, առողջ պետականութիւն կառուցելու համար:

Երբ գործող իշխանութիւնները կ՛անտեսեն ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկն ու միւսը (ինչպէս օրինակ՝ քաղաքական հաւասարութիւն, ազատութիւն, վերահսկողութիւն – կառավարութիւնը` քաղաքացիին եւ քաղաքացին՝ կառավարութեան վրայ) քաղաքացիներու լուռ, անտարբեր կամ հանդուրժող նայուածքներուն ներքեւ, իշխանական վերնախաւը ինքնաբերաբար (նաեւ՝ բնազդաբար)  կը մղուի պետութեան ամբողջ համակարգը իրեն ենթարկելու գործընթացին, հասնելով մինչեւ մենիշխանութեան հաստատում: Գործադիր իշխանութեան բնազդային այդ մոլուցքին դէմ պատուար հանդիսանալու համար, քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական արժէքները, որոնց կը ձգտի երկրի հասարակութիւնը,  նպատակներու կողքին պէ՛տք է ներառեն նաեւ աւելի մշտական սկզբունքներ, ինչպէս օրինակ՝ օրէնքը, արդարութիւնը, հաւասարութիւնը, կամայականութիւնները զսպող վերահսկելիութիւնն ու համարատուութիւնը, որոնք կրնան կանխարգիլել բռնապետութիւնը և կամայական իշխանութիւնը:

Ապօրինի կամ ապաշնորհ գործողութիւններու եւ որոշումներու համար, եթէ իշխող քաղաքական ոյժը պատասխանատուութեան չ՛ենթարկուիր քաղաքացիին կողմէ (խորհրդարանական կամ արտա-խորհրդարանական ոյժերու զգալի մէկ հատուածին կողմէ դրսեւորուած տարաբնոյթ կեցուածքներով), այդ ոյժին մօտ հետզհետէ կը յառաջանայ ամենազօրութեան բարդոյթ որուն կը հետեւի ոյժի անհամեմատ եւ անհաւասար կեդրոնացում ի՛ր մէջ, փոխանակ այդ ոյժի՝ պետական հաստատութիւններուն միջեւ հաւասար բաշխման: Պատմութիւնը մեզի կը յուշէ, որ ամենազօրութեան բարդոյթներէն բարիքներ չեն կրնար ծնիլ ոչ երկրին եւ ոչ ալ տուեալ հասարակութեան համար:

Երբ քաղաքացին սկսի ցուցաբերել իշխող քաղաքական ոյժի կամայականութիւններուն եւ հակա-օրինական կեցուածքներուն եւ որոշումներուն չ՛հանդուրժելու դրսեւորումներ, անոնք (իշխանութիւնները) պարտաւոր են հաշուի նստելու այդ դրսեւորումներուն հետ եւ առնուազն՝ մասնակից դառնալու այդ դրսեւորումներով սկիզբ առած հանրային խօսոյթին անշուշտ, եթէ անոնց մօտ ժողովրդավարութիւնը միայն լոզունգային հասկացողութիւն չէ այլ՝ իմացեալ գործելաձեւ:  Երբ իշխող քաղաքական ոյժը անդրդուելի կը մնայ իր վարքագծին մէջ, կը դժկամի մաս կազմել երկիրն ու հասարակութիւնը ապօրինութիւններէ եւ ցնցումներէ զերծ պահելու համար սկիզբ առած խօսոյթին, այդ պարագային քաղաքացիին անկապտելի իրաւունքն է հանդէս գալ ի շարս այլոց՝ գործադիր իշխանութեան հրաժարականի եւ արտակարգ ընտրութիւններ նշանակելու պահանջներով, մնալով հանդերձ ժողովրդավարական գործընթացներով հարցերը լուծելու ծիրին մէջ:

Այս հարցն է, որ այսօր կ՛եռեւեփի հայաստանեան ներ-քաղաքական դաշտէն ներս: Այս խնդիրն է, որ կը գտնուի ուշադրութեան կիզակէտին քաղաքական այն ոյժերուն (ներառեալ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը), որոնք կը հաւատան, որ երբ խորհրդարանէն ներս բացարձակ մեծամասնութիւն վայելող ոյժին համար, բացարձակ մեծամասնութեամբ “արդարացուած” իշխանութիւն չարաշահելը կը դառնայ հեշտ օրինաչափութիւն, չարաշահման ետին կանգնող անհատը, անհատները կամ ոյժը կը մղուին ամէն միջոցներով իշխանութեան ոյժը ի նպաստ իրենց օգտագործելու գայթակղութեան: Օրինակ՝ երբ կը փորձեն անօրինական միջոցներով վերաձեւաւորել երկրի բարձրագոյն դատական համակարգը այնպիսի ձեռագիրով, որ կը բացառէ գործադիր իշխանութեան շատ մօտ կանգնած դատաւորներէն բացի՝ միւս բոլորը: Կամ՝ երբ կը փորձեն  վարկաբեկել քաղաքական ընդդիմութիւնը, ատելութիւն ու թշնամանք սերմանելով անոր նկատմամբ եւ արհամարհելով ու մերժելով՝ օրուայ կառավարութեան իւրաքանչիւր քայլ հարցականի տակ առնելու եւ զայն պատասխանատուութեան կոչելու ընդդիմութեան կենսական դերը ժողովրդավարութեան մէջ:

Երբ իշխող քաղաքական ոյժը կը հասնի հասարակութեան եւ պետական հաստատութիւններու ամբողջական վերահսկողութեան դիրքի, այդ արդէն կրնայ ունենալ անկանխատեսելի եւ վտանգաւոր հետեւանքներ երկրին եւ հասարակութեան համար:

2018-թուականի Մայիսի համաժողովրդային շարժումը, “յեղափոխութիւնը” սկիզբ առաւ վերը յիշուած խնդիրները լուծելու խոստումներով: Ուրիշ խօսքով, այդ շարժումը կը խոստանար հայաստանեան քաղաքական դաշտէն ընդմիշտ վերացնել մէ՛կ քաղաքական խումբի կամ անհատի մէջ ոյժի ամբողջական կեդրոնացման հնարաւորութիւնը: Սակայն, աւելի քան երկու տարի է, որ այդ շարժման ալիքի վրայ մէջտեղ եկած իշխող քաղաքական ոյժը շեղած է իր իսկ առաջադրած նպատակներէն եւ փոխանակ կեդրոնանալու պետականակերտման լուրջ աշխատանքի, պետական հաստատութիւնները ամրացնելու եւ գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական մարմիններու տարանջատումն ու զիրար զսպելու սկզբունքը յարգելու, կը շարունակէ շահագործել քաղաքացիներու մէկ հատուածին իր հանդէպ ունեցած զգալիօրէն կողմնակալ համակրանքը՝ ամրապնդելու համար քաղաքական իր դիրքը, չվարանելով նոյնիսկ հակաօրինական միջոցներով հասնելու իր նպատակին:

Եւ այսպէս, վերանկախացումէն երեսուն տարի վերջ իսկ, ազգովին կը շարունակենք պտտիլ նոյն արատաւոր շրջապտոյտին (vicious cycle) մէջ:

Մինչեւ ե՞րբ:

Ի վերջոյ՝ պիտի՞ ունենանք կայացած ժողովրդավարութիւն որուն արժանի է մեր երկիրը: Արդեօ՞ք վճռած ենք դուրս գալ այս արատաւոր շրջապտոյտէն ու հիմնել իսկական ժողովրդավար երկիր ուր գործադիր իշխանութիւնները պարբերաբար (եւ բնականաբար) կը փոխուին բայց պետական համակարգը, իր բոլոր հաստատութիւններով, կը մնայ ամուր եւ քաղաքացին կը շարունակէ յարգել այդ հաստատութիւններն ու վստահիլ անոնց անաչառ եւ արհեստավարժ աշխատանքին՝ ո՞վ եւ ո՞ր քաղաքական ոյժն ալ, որ նստած ըլլայ տուեալ պահին երկրի բարձրագոյն աթոռին:

Հայաստանեան ներ-քաղաքական դաշտէն ներս, անցնող երեսուն տարուայ իր գործունէութեան ընթացքին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հետեւողականօրէն փորձած է  (եւ կը շարունակէ փորձել) իր առաւելագոյնը՝ ժողովրդավար այս մշակոյթը ընձիւղելու հայաստանեան քաղաքական կեանքէն ներս: Ափսոս, որ այդ փորձերը չեն տուած սպասուած արդիւնքը, բազմաբնոյթ պատճառներու որպէս անմիջական հետեւանք: Պատճառներ, որոնց քննարկումը դուրս կը մնայ այս յօդուածի սահմաններէն:R