Այժմեան Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղին Մէջ Սբ․ Աստուածածինի Տօնին Պատարագ Պիտի Մատուցէ Կ․ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը

Աշխարհ, Էրկիր, Սփիւռք

Այժմեան Թուրքիոյ միակ հայկական Վաքըֆ գիւղին մէջ, ամէն տարի, Օգոստոսի երկրորդ Կիրակի օրը, կը նշուի Սուրբ Մայր Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։ Վաքըֆի Մայր Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի պատարագ, որմէ ետք կը կատարուի խաղողօրհնէքի ծիսական արարողութիւն:

ԵՌԱԳՈՅՆ-ը Ermenihaber.am-էն կը տեղեկանայ, որ Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան, Օգոստոս 16-ի Սուրբ պատարագը մատուցելու համար պիտի մեկնի Վաքըֆ։ 

Նշենք, որ «քորոնա» ժահրի իրավիճակէն մեկնած՝ այս տարուան մատուցուելիք պատարագին ներկայ պիտի գտնուին միայն Թուրքիա բնակող հայերը։

Պատարագի ժամանակ, առաջին անգամ, պիտի ճաշակեն այս տարուան օրհնուած խաղողը, այնուհետեւ՝ մուսալեռցիներու աւանդական հարիսան։