Ջաւախքի Մէջ Վնասած են Հայկական Եկեղեցին ու Գերեզմանները

Էրկիր, Հայաստան

Անյայտ անձիք ծանր սարքերով վնասած են Ջաւախքի Գոման գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին ու տաճարի բակը գտնուող գերեզմանները:

Տեղեկութիւնը՝ Panorama.am փոխանցմամբ՝ յայտնած է Sputnik Գրուզիան:

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակը ծանր սարքերու հետքեր կ՛երեւին կառոյցի երեք ճակատներուն` արեւմտեան, հարաւային եւ արեւելեան կողմերէն: Վնասուած են գերեզմանները, ամէնուր մարդկային ոսկորներ ցրուած են: Վնասուած են նաեւ պարիսպն ու շեմը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Գործակալութեան աշխատակիցները կը պարզեն մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի վնասման աստիճանը, իսկ ոստիկանութիւնը փնտռէ մեղաւորները:

Գործակալութեան դիմումի հիման վրայ Ջաւախքի ՆԳՆ ոստիկանութեան վարչութիւնը քրէական գործ յարուցած է մշակութային ժառանգութեան յուշարձանի վնասման փաստով: