Արցախ Մուտքը Հնարաւոր է Միայն COVID-19-ի Քննութեան Բացասական Արդիւնք Ունենալու Պարագային

Uncategorized

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան այսօր ըսած է, որ «Հայաստանէն Արցախի սահմանը կարելի է հատել միայն ձեռքին ունենալով «Քորոնա» ժահրի քննութեան բացասական արդիւնք»:

Անոր խօսքով` ասիկա պէտք է անխտիր պայման ըլլայ բոլորին համար:

 «Գրեթէ ամէն օր 500-600 մարդ ելումուտ ունի Արցախ: Եթէ Հայաստանի վիճակագրական թիւերուն ու հաւանականութեան տեսութեան նայինք, ապա ամէն օր հաստատապէս Արցախ կը թոյլատրենք մուտք գործել նաեւ այնպիսի քաղաքացիներու, որոնք վարակի հաւանական աղբիւր կրնան դառնալ»,- ըսած է Արցախի նախագահը:

 Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ անցակէտերուն վրայ պիտի ըլլան նաեւ արագ քննութեան հնարաւորութիւն:

 «Անկախ քննութիւններէն, պէտք է մուտք ու ելքը աւելի նուազեցնել, մինչեւ Հայաստանի մէջ արձանագրուող թիւերու անկում զգանք»,- աւելցուցած է ան: