Փաշինեան Կը Փոխէ Ուժային Կառոյցներու Ղեկավարները

Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր յայտնած է, ուժային կառոյցներու ղեկավարներուն պաշտօններէն ազատելու եւ նոր նշանակումներ կատարելու մասին:

«Սիրելի հայրենակիցներ, շարք մը կարեւոր որոշումներ կայացուցած եմ:

 Ըստ որուն` զօրավար Օնիկ Գասպարեան կը նշանակուի Զինուած ուժերու Գլխաւոր շտապի պետ:

 Գնդապետ Արգիշտի Քեարամեան կը նշանակուի ԱԱԾ տնօրէն:

 Գնդապետ Վահէ Ղազարեան կը նշանակուի Ոստիկանութեան պետ:

 Որոշումները իրաւականօրէն ուժի մէջ կը մտնեն Հանրապետութեան նախագահի կողմէ ստորագրուելէն ետք:

Զօրավար Արտակ Դաւթեանին, գնդապետ Էդուարդ Մարտիրոսեանին, գնդապետ Արման Սարգսեանին շնորհակալութիւն կը յայտնե այս ընթացքին կատարած աշխատանքի եւ ներդրած ջանքերուն համար»,- ըսած է Փաշինեան: