Եւս 3 Բժշկական Կեդրոն Կը Միանայ «Քորոնա» Համաճարակին Դէմ Պայքարին

Հայաստան

Յառաջիկայ օրերուն «Քորոնա» համաճարակի դէմ պայքարին մէջ առողջապահական համակարգի մահճակալներու քանակը պիտի աւելնայ մօտ 240 մահճակալով:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը յայտնէ, որ յառաջիկայ օրերուն «Քորոնա» համաճարակին դէմ պայքարին մէջ առողջապահական համակարգին կը միանան Սպիտակի (100 մահճակալ), Վեդիի (100 մահճակալ) բժշկական կեդրոնները եւ Մարտունիի Բժշկական կեդրոնի մէկ բաժանմունք (35-40 մահճակալ):

Մինչ այժմ, Հայաստանի մէջ 9 բժշկական հաստատութիւն կ՛իրականացնէ Covid 19-ով հիւանդներու բուժումը: Անոնք են` «Նորք» վարակաբանական հիւանդանոցը, «Սուրբ Աստուածամայր» ծննդատունը, «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կեդրոնը, Վնասուածքաբանութեան եւ օրթոպեդիայի գիտական կեդրոնը, Ոստիկանութեան բժշկական վարչութեան հիւանդանոցը, Վանաձորի եւ Գիւմրիի վարակաբանական հիւանդանոցները, Արտաշատի բժշկական կեդրոնը:

Այլ մասնաւոր հիւանդանոցներ ևս սկսած են «Քորոնա»-ով հիւանդներ ընդունիլ, թէեւ ընդգրկուած չեն պետպատուէրով բուժում իրականացնող հիւանդանոցներու ցանկին մէջ: Անոնք են «Աստղիկ» և «Էրեբունի» բժշկական կեդրոնները: