Category: Էրկիր
Կարսի Հարիւրամեայ Հայկական Եկեղեցին՝ Վերանալու Վտանգի Առջեւ
Կարս քաղաքի Քալէիչի թաղամասին մէջ գտնուող հարիւրամեայ հայկական եկեղեցին, որ յայտնի է նաեւ «Ռուսական եկեղեցի» անունով, վերջնականապէս վերանալու վտանգի տակ է։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։ Հայկական աղբիւրին […]
Իգդիրի Հայկական Պատմական Տուները Կ՝ոչնչանան
Իգդիրի մէջ գտնուող հայկական պատմական տուները կը վերանան անխնամ վիճակի մէջ ձգուած ըլլալու հետեւանքով։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, հաղորդած են թրքական լրատուամիջոցները։ Աղբիւրին համաձայն՝ Իգդիրի Սիողիւթլիւ թաղամասին մէջ, 19-րդ դարուն […]
Վանայ Լիճին Մէջ Հնագոյն Կառոյցներ Ի Յայտ Եկած Են
Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի նուազման իբրեւ արդիւնք՝ յայտնաբերուած է մօտաւորապէս հարիւր տարեկան ձկնորսական կառամատոյց։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով mynet.com-ը։ Կառամատոյցին փայտէ սիւները ջուրի երես ելլելը կրկին անգամ փաստած […]
Տիգրանակերտի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մէջ Պաշտամունք Կատարելու Արտօնութիւն Կը Տրուի
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Լեւոն արք. Զեքիեան շաբաթասկիզբին Անգարայի մէջ ընդունուեցաւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էրսոյի կողմէ։ Այս մասին կը հաղորդէ պոլսահայ «Ժամանակ»-ը։ Հանդիպման ընթացքին յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ […]
Հրատարակուած է «Կը Խօսին Քընալը Կղզիի Հայերը» Գիրքը
Այս գիրքը Հրանդ Տինք հիմնադրամի պատմութեան ծրագիրին ծիրէն ներս 2011-էն իրականացուող բանաւոր պատմութեան ուսումնասիրութեան արդիւնք է: Գիրքին մէջ, որ կը կազմէ «Լռութեան ձայնը» շարքին եօթներորդ հատորը, ամփոփուած են Քընալըատայի 19 […]
Եթէ Եկեղեցին Ժողովուրդ է Հապա Այս Ի՞նչ է. «Ակօս»
Եկեղեցին ժողովուրդ է, համատարած հաստատում մըն է այս, որ յաճախ կ՚ընդգծուի հոգեւորականաց դասու կողմէ։ Մեր ժամանակներու դժբախտ իրողութիւնը ժողովուրդազուրկ եկեղեցիները եղան։ Այս ընթացքին մէջ իր բացասական դերը ունեցաւ պսակաձեւ ժահրի […]
Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուած է
Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին, ուր Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ տարուան մէջ միայն մէկ անգամ պատարագ կը մատուցուի, այս տարի եւս իր դռները բացած է […]
Հայ Քաղաքացիները Սեփական Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Ընելու Համար Ձեզմէ՞ Պէտք է Արտօնութիւն Ստանան. Կարօ Փայլանը՝ Թրքական Իշխանութիւններուն
Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ, 100-ամեայ դադարէ ետք, Օգոստոս 29-ին մատուցուած է առաջին պատարագը, որուն մասնակցած է նաեւ Կ․Պոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան։ Եկեղեցին, սակայն, վերաբացուած է իբրեւ մշակոյթի […]
Նոյեան Տապանը Փնտռող Իտալացի Հետազօտողը Յուղարկաւորուած է Արարատ Լերան Մօտ
Արարատ լերան վրայ 35 տարի շարունակ որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած իտալացի հետազօտող Անկելօ Բալեկոն, վարակուած ըլլալով «քորոնա» ժահրով, սրտի կաթուած ունեցած է թրքական հիւրանոցներէն մէկուն մէջ։ Ան մահացած է Էրզրումի քաղաքային […]
Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Ամենամեայ Պատարագը Պիտի Մատուցուի Սեպտեմբեր 5-ին
Վանա լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ամենամեայ պատարագի համար նախապատրաստութիւնները աւարտած են: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է Վանի նահանգապետարանը՝ յիշեցնելով, որ տարուան մէջ մէկ անգամ կատարուող արարողութիւնը […]










