Հայ Քաղաքացիները Սեփական Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Ընելու Համար Ձեզմէ՞ Պէտք է Արտօնութիւն Ստանան. Կարօ Փայլանը՝ Թրքական Իշխանութիւններուն

Աշխարհ, Էրկիր

Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ, 100-ամեայ դադարէ ետք, Օգոստոս 29-ին մատուցուած է առաջին պատարագը, որուն մասնակցած է նաեւ ԿՊոլսոյ հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան։ Եկեղեցին, սակայն, վերաբացուած է իբրեւ մշակոյթի կեդրոն, ուր, այնուամենայնիւ, հայկական համայնքը պիտի կարենայ մկրտութեան, պսակադրութեան արարողութիւններ իրականացնել։ Բայց եւ այնպէս՝ թրքական իշխանութիւնները եկեղեցւոյ ցուցապաստառին վրայ նշած են միայն մշակոյթի կեդրոն ըլլալու հանգամանքը։ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ, Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութիւնը (HDP) ներկայացնող հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը խնդրին վերաբերեալ հարցում ներկայացուցած է Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին։

Akunq.net-ի տեղեկութիւններով՝ Փայլանի ներկայացուցած հարցումին մէջ մասնաւորապէս նշուած է․

«Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին վերականգնելով՝ զայն բացիք իբրեւ «մշակոյթի կեդրոն»։ Այս պատմական եկեղեցւոյ վրայ ցուցապաստառ տեղադրեցիք, ուր գրուած է․ «Թաշխորանի մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոն»։

Այն փաստը, որ սոյն եկեղեցին, ուր մինչեւ 1915 թ․ իրենց կրօնական արարողութիւնները կատարած են նաեւ իմ ընտանիքի մեծերը, չէ բացուած իբրեւ եկեղեցի, որ անհանգստացուցած է հայկական համայնքը։

Այդ առիթով, պատասխանեցէք խնդրեմ հետեւեալ հարցերուս․

1․ Ինչո՞ւ չկրցաք եկեղեցի կոչել Մալաթիոյ իմ եկեղեցին։

2․Ինչո՞ւ եկեղեցւոյ կարգավիճակով չվերականգնեցիք Մալաթիոյ իմ եկեղեցին։

3․ Ինչո՞ւ հայկական համայնքին չվերադարձուցիք եկեղեցւոյ սեփականութեան վկայականը։

4․ Ի՞նչ տեսակի մշակութային ձեռնարկներ կը ծրագրէք իմ եկեղեցւոյ մէջ։

5․ Առանց խաչի եկեղեցի չըլլար։ Ինչո՞ւ եկեղեցւոյ գմբեթին չտեղադրեցիք խաչը։

6․ Հայ քաղաքացիները սեփական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ եւ այլ արարողութիւններ ընելու համար ձեզմէ՞ պէտք է արտօնութիւն ստանան»։

Յիշեցնենք, որ Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ որոշ հատուածներու վերանորոգումը ստանձնած էր Մալաթիոյ HAY-DER կազմակերպութիւնը, որ վերականգնած էր սրբավայրի խորանները եւ մկրտարանը։

http://www.agos.com.tr/tr/yazi/26123/paylan-malatya-kilisesi-nin-mulkiyetini-neden-iade-etmediniz

Թարգմանեց՝ Մելինէ Անումեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը

Akunq.net