Կարսի Հարիւրամեայ Հայկական Եկեղեցին՝ Վերանալու Վտանգի Առջեւ

Աշխարհ, Էրկիր

Կարս քաղաքի Քալէիչի թաղամասին մէջ գտնուող հարիւրամեայ հայկական եկեղեցինոր յայտնի է նաեւ «Ռուսական եկեղեցի» անունով, վերջնականապէս վերանալու վտանգի տակ է։ Այս մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։

Հայկական աղբիւրին համաձայն՝ եկեղեցին «Ռուսական» կը կոչուի, քանի որ ժամանակին անիկա օգտագործուած է նաեւ ռուսերուն կողմէ։ Եկեղեցւոյ պատերը փլած են, իսկ ներսը՝ գանձագողերը փոսեր փորած են։

Թրքական աղբիւրը կը շեշտէ, որ Կարսի մէջ պատմական յուշարձանները մէկ առ մէկ կ՝անհետանան, իսկ կանգուն մնացած պատմական կառոյցներն ալ ձգուած են բախտի քմահաճոյքին, եւ որ Թուրքիոյ ամենանշանաւոր պատմական յուշարձանները ունեցող այս քաղաքի տեսարժան վայրերուն բաւարար չափով ուշադրութիւն չի տրուիր։

Կարսի ներկայ բնակիչները թրքական լրատուամիջոցի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած են եկեղեցին փրկելու անհրաժեշտութեան մասին։

https://www.haberler.com/haberler-kars-ta-yuz-yillik-rus-kilisesi-yikiliyor-14463050-haberi/

Թարգմանեց Մելինէ Անումեան (Akunq.net)

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ԵՌԱԳՈՅՆ-ը