Աղթամարի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Պատարագ Մատուցուած է

Աշխարհ, Էրկիր

Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին, ուր Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ տարուան մէջ միայն մէկ անգամ պատարագ կը մատուցուի, այս տարի եւս իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Սեպտեմբեր 5-ի վաղ առաւօտէն կրւնաւորներն ու հիւրերը ուղեւորուած են Աղթամար կղզի։

Պատարագի արարողութիւնը հանդիսապետած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան գլխաւոր քարտուղար եւ Կրոնական ժողովի ատենապետ, Ծայրագոյն Վարդապետ Թաթուլ Անուշեան։

Նշենք, որ 95 տարուան դադարէ մը ետք, 2010-էն ի վեր ամէն տարի՝ Սեպտեմբերին՝ Խաչվերաց տաղաւար տօնին յաջորդող կամ նախորդող Կիրակի օրը, Վանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի։

Թուրք-քրտական զինուած բախումներուն պատճառով՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները միայն 2015-2017թթ․ չէին արտօնած պատարագներու իրականացումը։