Նոյեան Տապանը Փնտռող Իտալացի Հետազօտողը Յուղարկաւորուած է Արարատ Լերան Մօտ

Աշխարհ, Էրկիր

Արարատ լերան վրայ 35 տարի շարունակ որոնողական աշխատանքներ իրականացուցած իտալացի հետազօտող Անկելօ Բալեկոն, վարակուած ըլլալով «քորոնա» ժահրով, սրտի կաթուած ունեցած է թրքական հիւրանոցներէն մէկուն մէջ։ Ան մահացած է Էրզրումի քաղաքային հիւանդանոցին մէջ։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Ermenihaber.am-էն։

Մահուան լուրը ստանալով՝ անոր որդին՝ Ստեֆանօ Բալեկոն, Իտալիոյ հիւպատոսութեան միջոցով կատարած է հօր կտակը․ Բալեկոն յուղարկաւորուած է Արարատ լերան մոտ։

«1986-էն ի վեր Արարատ լերան վրայ Նոյեան տապանը կը փնտռէր։ Հաւատացած ըլլալով, որ Նոյեան տապանը այստեղ է՝ այս շրջանին շարունակ հետազօտութիւններ կ՝իրականացնէր եւ զանոնք կը հրապարակէր իր երկրի թերթերուն մէջ։

Բալեկոն յոյս ունէր, որ տապանը յայտնաբերելու պարագային, մարդիկ պիտի հաւատան Նոյի ջրհեղեղին, սխալ պիտի չի գործեն եւ աշխարհի վրայ խաղաղութիւն պիտի տիրէ, այդ իսկ պատճառով ալ ամէն տարի հետազօտութիւն ընելու համար Բայազետ կու գար»,- պատմած է Թուրքիոյ մէջ Բալեկոյի որդիին վստահուած անձը՝ Մուրատ Շահինը։

Շահինի ջանքերով ալ՝ Արարատը այդքան սիրող իտալացի հետազօտողը հողին յանձնած են Բայազետի նոր գերեզմանատուներէն մէկուն մէջ, որ կը նայի Արարատին։