Հայը, Հայրենիքի եւ Ազգի Գոյապահպանման Հարցերուն Դէմ Յանդիման (Յ. Պալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մարդ-անհատը էապէս ընտանիք է, ցեղախումբ, ազգ: Մինչ մարդկութիւնը ինք դեռ չէ գտած իր շուրջ այլ Մարդկութիւններ իր վրայ հակելու եւ իրեն բացատրելու, թէ ուր կ’երթայ:

Փիէր Թէյար տէ Շարտէն (1881 – 1955)

Իմաստասէր, գիտնական, հնէաբան եւ կրօնական 

Հայ բնորոշումով հաւաքականութիւնները տեսական կերպով նոյն կը համարուին, բայց պատմութեան պարտադրած զարտուղութիւնները եղած են բազմազան, զարգացնելով տարբերութիւններ, գունաթափելով  մէկութիւն ըլլալու նախադրեալներու հիմնաւորումները, պարտադրելով արժեզրկում եւ այլացում:

            Առանց հայրենիքի, հայրենիքէ զրկուած եւ հայրենիքէ հեռու ազգ ըլլալու եւ մնալու խարխափում-ողբերգութիւն ապրած է եւ կ’ապրի նոյն ազգի անդամներու ճնշող մեծամասնութիւնը, որ սփիւռքն է. կէս հայ, ծագումով հայ, զգացումով հայ, համայնք:

            Կը կարծենք նոյն ըլլալ: Այս շաբաթավերջի զգացում է: Բայց նո՞յն ենք, ինչպէ՞ս նոյն ենք եւ տարբեր: Առարկայականութեամբ եթէ փորձուինք պատասխանել հարցումին, աւելի յստակութեամբ կ’ընթանանք մէկութիւն կարենալ ստեղծելու ճամբուն վրայ:

            Փորձենք ցուցակագրել հաւաքականութիւնները եւ անհատները իրարմէ հեռացուցած կացութիւնները եւ ընտրանքները: Այսպէս, Արեւելահայ եւ ԱրեւմտահայՀայաստանահայհայրենահանուածներու եւ արտագաղթածներու սփիւռքներ: Անուանումներ. ռուսահայվիրահայուքրայնահայիւզպէքահայպարսկահայպոլսահայթրքահայլիբանանահայսուրիահայֆրանսահայ, յունահայիտալահայհնդկահայամերիկահայարժանթինահայ, եւ ուրիշներ, հիմա այս անուանումները աճած են. գերմանահայպելգիահայնետերլէնտահայաւստրալահայնիուզէլէնտատահայշուէտահայ, ի հարկէ միշտ զոյգ բաժանումներով. հայրենահանուածներու ժառանգներու եւ Հայաստանէն արտագաղթածներու:

            Այս թուումը ամբողջական չէ եւ պիտի չըլլայ, քանի որ կը շարունակուի տարտղնումը, հիւլէացումը, որուն համար ամբոխային տրամաբանութիւնը կ’ըսէ՝ ուր հաց հոն կաց: Հիմա աւելի գիտականացած է տարտղնումի տնտեսական արդարացման բացատրութիւնը, կ’ըսենք՝ լաւ ապրելու իրաւունք:

            Նորութիւն ըսած չենք ըլլար, ընելով այն հաստատումը, որ տեւաբար տարածուող եւ աճող սփիւռք(ներ)ի հայերու համրանքը առնուազն երեք անգամ աւելի է հայրենաբնակ հայ ժողովուրդէն:

            Այս բոլոր հայերը պարտադրուած են պատշաճիլ իրենց միջավայրինլաւ ապրելու իրաւունքը կենսագործելու համար: Այսինքն, պատշաճելով, անոնք իրենց հայու ինքնութենէն նուազ կամ առաւել զիջումներ կ’ընեն, պիտի ընեն, որոնք կ’անդրադառնան հայու տեսակի գոյապահպանման: Գինիին ջուր խառնելու պէս, օր մը հասնելու համար հոն, ուր ջուրին մէջ գինիին հետքը այնքան կը նուազի, որ անհետացած կ’ըլլայ, ո՛չ գինիի համ ո՛չ ալ գոյն մնացած կ’ըլլան:

            Այդ զիջումները սովորական են, եւ ժամանակի գիծին վրայ անխուսափելիօրէն հետզհետէ աւելի ծաւալ կը ստանան: Կը յառաջանան հասարակաց ինքնութեան կոճղին յարաբերաբար օտարումներ (aliénations). սկսելով լեզուէն, պատմութեան ծանօթութենէն, արմատներու գիտակցութենէն, նոյն հաւաքականութեան պատկանելիութեան պահանջած յանձնառութիւններէն, հասնելու համար բարքերու, աշխարհայեցողութեան եւ աշխարհընկալման հիմնական փոփոխութիւններու: Այս հարթող պատշաճեցումը նախ կ’առաջնորդէ երկուութեան, որ ապա կը յանգի հոն, ուր նոր ինքնութիւն մը կը զարգանայ նախ զուգահեռաբար հայ ազգայինի, բայց այդ նորը ժամանակի ընթացքին ընկերաքաղաքական եւ մշակութային ճնշումի բերումով՝ կ’ըլլայ տիրապետող:

            Եթէ զգացական ճառէ հեռանանք, պիտի ընդունինք այն ցաւցնող իրականութիւնը, որ հայը հայրենիքէն դուրս դատապարտուած է անհայրենիք ըլլալու վիճակին, քանի որ ծագման, արմատներու հայրենիքին հանդէպ քաղաքացիական օրինաւոր պարտաւորութիւններ չունիհարկ չի վճարեր, բանակին չի ծառայեր, չի մասնակցիր անոր որոշումներու կայացմանԲախտաւոր պարագային կայ զգացական կապ, բայց չկայ կանոնակարգուած պարտաւորութիւններու համակարգ:

            Այս դրութիւնը ունեցած է եւ ունի զոյգ հետեւանքներ. Հայաստան անոնց կողքէն անցած է, գոհանալով փշրանքներով, իսկ սփիւռք(ներ)ը պարտք, պարտաւորութիւն եւ իրաւունք երրեակի զօդող ուժէն զրկուած ըլլալով, կը դատապարտուի մաշումի եւ տարտղնումի: Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւնները այս խնդիրը որպէս ազգային հիմնախնդիր երբեք օրակարգ չեն ըրած, մասնակիով եւ օրը օրինով գոհացած են, սահմանափակուելով զգացական հայրենասիրութեամբ եւ զգացական բարեսիրութեամբ, ազգային մէկութեան գաղափարի լուսանցքին վրայ մնալով:

Իրաւունքի եւ պարտքի ըմբռնումով մասնակցութիւն չէ եղած եւ այսօր ալ չկայ:

            Եզրակացութիւնը այն է, եթէ պղպջակներով չբաւարարուինք, որ ստեղծուած է դուք հոն մենք հոսի վիճակ մը, որպէս միամիտի վարկած ընդունելով սփիւռքի մշտնջենականութիւնը, Հայաստանը դատապարտելով մնալու վատուժ:

            Հայրենիքի հզօրացման համար անհրաժեշտ են հայրենատէր համրանքաշխատուժ, մտաւոր եւ յանձնառու:

            Միշտ մնացինք զգացական ճառի ոլորտի մէջ, ըսինք եւ կրկնեցինք, որ Հայաստանը համայն հայոց հայրենիք է:

Համայնքը կ’ենթադրէ պարտաւորութիւն եւ իրաւունք: Ո՞ւր սահմանուեցան եւ կեանքի իրականութիւն դարձան պարտաւորութիւնը եւ իրաւունքը: Այս զոյգը ո՛չ զբօսաշրջութիւն է ո՛չ ալ ընդունելութիւն, կամ՝ շքանշան: Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ ի՞նչ են իրողապէս հայկական սփիւռքի պարտաւորութիւնները, անհատներու եւ հաւաքականութիւններու, ի՞նչ են նաեւ անոնց իրաւունքները, որպէս հաւաքականութիւն եւ որպէս անհատներ:

            Եթէ այս հիմնահարցին մասին մտածուած ըլլար, ազգային գաղափարականի հետեւելով որոշումներ կայացուած ըլլային, մշակուած կ’ըլլային օրէնքներ, եթէ Հայաստան ինքզինք չբանտարկէր այն միտքին մէջ, որ Հայաստանի հարցերը կ’որոշուին Հրազդանի ափին, Հայաստան իրողապէս կ’ըլլար համայն հայութեան հայրենիք, օրէնքներով ամրագրուած, մեր երկրի եւ ժողովուրդի կացութիւնը եւ ճակատագիրը տարբեր կ’ըլլար: Մէկութիւն նուաճած կ’ըլլայինք: Կ’ըլլայինք հզօր:

            Մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդին դիմագրաւած ներկայի դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, նպատակ պէտք է ըլլայ, մասնատումները յաղթահարող  իրաւ մէկութեան ստեղծումը:

            Կը զարմանամ, որ հայ մտաւորականութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, մէկութեան հզօրութիւն ստեղծելու տեսութիւններով հրապարակ չէ եկած անցեալին, այսօր ալ չի խօսիր այդ մասին: Աւելի քան երբեք, անցեալի անորոշ սահմաններով եւ սահմանումներով համայնքը պիտի վերածե՞նք մէկութեան եւ նոյնի, կենսագործելով հայրենատիրութիւնը, միշտ իրաւունքի եւ պարտաւորութեան սահմանումներով:

            Սովորութեան ուժը այնքան զօրաւոր է, որ այս մասին խօսիլ կրնայ դիմաւորուիլ որպէս հերետիկոսութիւն, կամ մակերեսային գործնապաշտութեամբ ըսուիլ՝ որ հիմա ժամանակը չէ նման հարցերու, անոնց ժամանակը կու գայ: Ինչո՞ւ չմտածել, որ այդ հարցերուն մասին եթէ հիմա չմտածուի, լուծումներ չգտնուին, համապատասխան օրէնքներով կազմակերպութիւն չյառաջանայ, վաղը ուշ կ’ըլլայ, ընկերային-քաղաքական-մշակութական ազդակներու ճնշման տակ կը ստեղծուին վերադարձ-վերականգնում իրականացնելու բացասական կացութիւններ:

            Անհատին որպէս հայու, ազգի եւ անոր հայրենիքի գոյապահպանական էական խնդիրը, անմիջական դժուարութիւնները առանց անտեսելու, օրակարգ պէտք է ըլլայ,- ըլլար,- հայ ազգային քաղաքական միտքին համար, ինչ որ զանազան բնոյթի դիրքպաշտութիւններէ եւ փառասիրութիւններէ տարբեր հարթութեան վրայ կը գտնուի:

            Հակառակ ներկայի բարդ կացութեան եւ բազմաթիւ պատճառներով հոգեբարոյական ընկճուածութիւններու, յուսալքումներու, անզօրութեան զգացումներու, ՈՉ-ՁԵՒԱԿԱՆ-ՅՈՒԶԱԿԱՆ ԻՐԱՒ ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ ԽՆԴԻՐԸ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐԱԿԱՐԳ ՊԷՏՔ Է ԴԱՐՁՆԷ ՆԵՐՍԸ ԵՒ ԴՈՒՐՍԸ ԵՒ ԻՆՔԶԻՆՔԻՆ ՊԷՏՔ Է ՊԱՐՏԱԴՐԷ ԷՍԹԷՊԼԻՇՄԸՆԹԱՅԻՆ ԹԵՐ ԵՒ ԴԷՄ ԴԱՍԱԿԱՆ ԸՄԲՌՆՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ:

            Ինչպէ՞ս ստեղծել ճշմարիտ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆ, ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ, ՊԱՐՏՔԻ ԵՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՍԵԹԵՒԵԹ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾՈՒՄՈՎ:

            Նախ խօսիլ իրարու հետ, խօսիլ մեր ժողովուրդին: Այս «խօսիլ»ը երկնառաք շնորհ մը չէ: Աւելի քան երբեք ան մտաւորականութեան առաքելութիւնն է, որու ճամբուն վրայ, եթէ հարկ է, կուռքերու եւ կեղծ-ճշմարտութիւններու պատրանքներ վերացնել:

            Ընդունուած սովորութիւնները գերանցելով, վերասակարգային եւ վերհատուածական  բարձրամակարդակ իրաւութեամբ բանալ ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ ստեղծման էական օրակարգը, հատուածականէ եւ մասնակիէ անդին նայելով, միշտ նոյն ուղղութեամբ սեւեռելով հայեացքները,  պատասխանատուութեամբ կանգնելով ՀԱՅՈՒ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԵՒ ԱԶԳԻ ԳՈՅԱՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ:

            Առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու՝ պէտք է վիճարկել: