Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Ամենամեայ Պատարագը Պիտի Մատուցուի Սեպտեմբեր 5-ին

Աշխարհ, Էրկիր

Վանա լիճի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ամենամեայ պատարագի համար նախապատրաստութիւնները աւարտած են: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնած է Վանի նահանգապետարանը՝ յիշեցնելով, որ տարուան մէջ մէկ անգամ կատարուող արարողութիւնը կ՝իրականացուի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ:

Պատարագը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 5-ին, առաւօտեան ժամը 09:00-ին: