Մտորումներ. Մեր Ապրումներուն «Արքան» Գահընկէց Եղաւ (2 Սեպտեմբեր 1991). (Համբիկ Պիլալեան)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ամէն տարի այս օրը հայու սրտակեղեք գրիչը կը բոցկլտար, կը բորբոքէր եւ սեւով սպիտակին կը յանձնէր իր ապրումներուն ամէնէն հարազատը, անկեղծը, իրա՛ւն ու անխառնը` յիշելով եւ յիշատակելով հայ ժողովուրդի պարծանքը` Արցախի ազատագրութիւնն ու անկախութեան հռչակումը:

Եւ ահա, երեք տասնամեակէ ի վեր իրերայաջորդ սերունդներ ականատես կը դառնային հայրենի այս հողին առաւել հայացման, պետականութեան հիմքերու ամրակայման եւ ազգային տենչերու իրականացման:

Ի դէպ, խոստովանիլ է պէտք, որ հայաբոյր հողին վրայ կատարուող բազում աշխատանքները այդքան ալ գոհացուցիչ չէին, ընկերա-քաղաքական, տնտեսական թէ ժողովրդագրական գործընթացները իտէալական հուն չունէին, աւելի՛ն. Արցախի դէմ օրն ի բուն սարքուող որոգայթները լուրջի չէին առնուեր հայ պետական ու քաղաքական այրերու կողմէ: Կարծես մենք մեզ համոզուած էինք, որ աշխարհա-քաղաքական թէ տարածաշրջանային տնտեսական ու զինուորական հոլովոյթներ ոչ մէկ ձեւով պիտի առնչուէին մեզի կամ ազդեցութիւն պիտի ունենային Արցախի ապագային ու ճակատագիրին վրայ:

Այլապէս ալ կուրացած մտքով ու դալկացած հոգիով մեր առօրեայ կեանքին, այսպէս ըսած, քարշ կու տայինք, հաճոյախօսութիւնը կլանած էր մեր ժամանակը, խոհանոցային հայրենասիրութիւնն ու պղպջակային բաժակաճառերը անպակաս էին հայ կեանքէն, սապէս, յանձնուած էինք աներեւոյթին ու փաթաթուած էինք երազային աշխարհին:

Իսկ պատճա՞ռը` յստակ ու մեկին. եսասիրութիւն, փոխադարձ ատելութիւն,  կիրքով յագեցած անհանդուրժողութիւն, աթոռամոլութիւն, իշխանատենչութիւն, փառասիրութիւն, մանաւանդ` քաղաքական մտքի ու հոտառութեան բացակայութիւն:

Հետեւա՛նքը` արեամբ ու անմնացորդ զոհողութեամբ ազատագրուած հայրենի հողի կորուստ, Արցախի կոտորակում եւ չքնաղ Շուշիի յանձնում:

Սիրելի՛ Արցախ, մեր դարաւոր երազներուն եւ ապրումներուն «արքան», այսօր քու անկախութեանդ հռչակագիրի 30-րդ ամեակն է:

Իրօք, մարդ կը շշմի, այս պատեհ առիթին ի՛նչ գրել ու արձանագրել, ինչպիսի՛ տրամադրութեամբ թուղթին յանձնել մտածումներ, յոյզեր թէ պոռթկումներ, որոնք, տարիէ մը ի վեր կը չարչրկեն մեզ, խուժած են մեր ուղեղը եւ անհանգիստ դարձուցեր մեր հոգին:

Այդուհանդերձ, պարտաւոր ենք ազգովին մէկդի շպրտել հիասթափութեան ու անձնատուութեան հոգեվիճակը եւ կրկին նետուիլ մաքառումի դաշտ` այս անգամ դէմ դնելով ապիկարի ու պատեհապաշտի շապիկը հանդերձած այրերու («հին» թէ «նոր»), որոնք գերադասեցին իրենց սեփական կեանքն ու ինչքը, թատրոն խաղացին հայ ժողովուրդի գլխուն եւ հտպիտներու վայել քարոզներ բարբաջեցին ամէնուրեք:

Ու մենք կորսնցուցինք Արցախ աշխարհը, մեր երազներու օրրանը, յոյսերու շտեմարանը, ապագայ յաղթանակներու մեծագոյն կռուանը:

Մենք պարտութիւն կրեցինք թուրք-ազերի հորդաներէն, որոնք եկան ու կրցան պղծել մեր սուրբ հողը: Մենք թշնամիին յանձնեցինք արծուեբոյն Քարվաճառը, լոյսի ու մշակոյթի քաղաք Շուշին, առիւծասիրտ Հատրութը:

Մենք կարողութիւնը չունեցանք թագաւորել, նոյնիսկ, Մռաւ լերան կատարին: Զազիր թշնամիին տուինք բերրի հողն ու ադամանդաժայռ ընդերքը հայոց լեռներու:

Մենք հայոց բագինին ընծայաբերեցինք մեր բանակի ընտրանին` աւելի քան հինգ հազար նահատակ եւ նոյնքան հաշմանդամ:

Ուրեմն, դո՛ւն ես «մեղաւոր», սիրելի՛ Արցախ:

Սովոր է եղած ազգային-քաղաքական եւ ընկերային-գաղափարական կեանքի յորձանուտի պաստառին` մեղաւոր մը գտնել ու զայն խաչափայտին կանգնեցնել: Նման այլանդակ կացութիւններու դէմ յանդիման գտնուած ենք շատ անգամ, հայոց պատմութեան ողջ էջերուն, նաեւ` արդի ժամանակներուն:

Իրօք, դո՛ւն ես մեղաւոր, որովհետեւ քու ծոցէդ ծնունդ առած էին, քաջերու եւ հայրենասէրներու առընթեր, նաեւ` գիժեր ու վատահամբաւ անձեր, որոնք երեք տասնամեակներ շարունակ իբր թէ ուզած էին ապացուցել քաղաքական մտքի հասունութիւն եւ դաշնակից պետութիւններու հետ եզակի բարեկամութիւն սնուցած կարողութիւն եւ այլն, եւ այլն:

Մենք կորսնցուցինք Արցախը, ազգային ազատագրական պայքարին մեր յենարանը, ամէնէն ապահով ու անխարդախ օրրանը:

Արդարեւ,

Հայոց ապրումներուն եւ երազներուն «արքայ», սիրելի՛ Արցախ, յիշէ՛, որ ամէն տօնի առիթով պսպղուն եւ ի սրտէ ելած խօսքեր կը նուիրէինք քեզի` ըսելով, որ դուն մեր ապագան ես, հայու տեսակը, ճակատագիրը, պայքարի ոգին, ապրելու կամքը,  ազգային արժանապատուութիւնը, նորահաս սերունդներու աշխարհահայեացքը, մեր քաղաքակրթական նուաճումներուն հարթակը եւ ազգային արժէքներու բոյնը:

2 սեպտեմբեր 1991-2021:

Երեսուն տարիներ` ազատ ու անկախ ապրելու, աւելի՛ն. ինքնիշխան գոյատեւելու  ամենագեղեցիկ ընկալումը տակաւին կը հնչէ մեր ուղեղին ու սրտին մէջ: Արցախի անկախութեան հռչակման թուականը խորքին մէջ համազգային տօն էր ու պէ՛տք է մնայ իբրեւ այդպիսին, մինչեւ որ հայը վերատիրանայ իր հողին:

Այս առումով` ոչ ոք կրնայ ուրանալ Արցախի խոյանքին ունեցած հսկայ ներդրումը` Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման մէջ, որ, իր կարգին, կը տուայտի եւ կը դիմագրաւէ ահաւոր սպառնալիքներ:

Այսօր Արցախի կապտաւուն երկինքին տակ, թէեւ տխուր, բայց հպարտօրէն կը շնչէ Ստեփանակերտը` իր պետականութեամբ եւ ժողովուրդով, այդուամենայնիւ, իր կարգին, պարտաւոր է ան յոյս ու լոյս ներշնչել ամբողջ հայութեան, որպէսզի մօտենայ այն օրը, երբ հայութիւնը աւելի գիտակից ու քաղաքական մտքով հասունացած` վերատիրանայ հայրենի սուրբ հողին ու ջուրին:

Համոզուած ենք, որ միջազգային քաղաքական կազմակերպութիւններ թէ դաշնակից յորջորջուած երկիր(ներ), որքան ալ փորձեն (դրական կամ ժխտական) արցախեան խնդիրին լուծում ապահովել, հայ քաղաքական մտքին ու պետական այրերու ուսերուն կը հանգչի յանձնառութիւն մը` ձերբազատիլ բարդոյթներէ, լծուիլ դիւանագիտական արշաւի, վերակառուցել հայոց բանակը, միաւորել հայութեան կամքը, ուղղել ողնաշարը, բարձրացնել հայութեան գիտակցական մակարդակը, թոյլ չտալ պառակտումներու եւ որոմներ սերմանելու թաքուն թէ բացայայտ արշաւներու, եւ ապաւինիլ բացառապէս հայու տեսակին:

Սոսկ քարոզաբոյր խօսքեր չեն ասոնք, այլ` հրամայական պահանջ: