Արցախը Եղած է եւ Կը Մնայ Մեր Ինքնութեան, Միասնութեան եւ Ազգային Վերելքի Խորհրդանիշը. ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հայաստան, Սփիւռք

1991 թուականի Սեպտեմբերի 2-ին Արցախը միջազգային եւ ներպետական իրաւական կառուցակարգերուն համապատասխան հռչակեց իր անկախութիւնը: 1988-ին սկզբնաւորուած ազգային շարժումը թեւակոխեց նոր հանգրուան: Հայ ժողովուրդի միացեալ ջանքերով, արեամբ եւ զոհողութիւններով կերտուեցաւ արցախեան յաղթական ազատամարտը: Արցախի ժողովուրդը վճռեց անդառնալիօրէն թօթափել ազրպէյճանական լուծը, ջնջել ստալինեան պարտադրուած արհեստական սահմանները ու յայտարարել, որ անկախութեան ճամբով Արցախը վերամիաւորուելու է Մայր Հայաստանի հետ:

2020 թ. Սեպտեմբերին հրահրուած 44-օրեայ պատրերազմը ծանր հարուած էր հայութեան. մեր նորագոյն պատմութեան ճակատագրական եւ բախտորոշ շրջափուլին ենք այսօր: Ազգովին կանգնած ենք ներքին ու արտաքին լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ: Թէ՛ Հայաստանի մէջ, թէ՛ Արցախի, վտանգուած է մեր պետական ինքնիշխանութիւնը, խոցուած է մեր ազգային արժանապատւութիւնը:

Սակայն, Դաշնակցութիւնը համոզուած է, որ Արցախին բաժին ինկած այս վերջին պատուհասը ժամանակաւոր պարտութիւն է. արցախահայութիւնը, եւ հայ ժողովուրդը առհասարակ, ունին բաւարար կամք եւ ներուժ աշխատելու, որ վերականգնուի Արցախը եւ իրականանայ Հայաստանի հետ միաւորուելու անոր վերջնական տեսլականը:

Անկախութեան հռչակումէն 30 տարի անց, առաւել քան երբեւէ, Արցախը մեր բոլորի աջակցութեան եւ զօրակցութեան կարիքն ունի: ՀՅ Դաշնակցութեան մարմինները, Հայ Դատի գրասենեակներն ու յանձնախումբերը, իրենց յանձնառութեան հաւատարիմ, ողջ կարողականութեամբ հետամուտ պիտի ըլլան Արցախի Հանրապետութեան ինքնուրոյնութեան կարգավիճակի ամրագրման, տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման, անվտանգային միջավայրի ապահովման եւ ընկերատնտեսական զարգացման հարցերուն:

Ուրախութեամբ կը յայտարարենք նաեւ, որ այսօր, Ստեփանակերտի մէջ, կը բացուի ՀՅԴ Հայ Դատի Արցախի գրասենեակը, որ կը միանայ Բիւրոյի անմիջական վերահսկողութեան ներքոյ գործող կեդրոնական գրասենեակներու ցանցին:

Արցախը եղած է եւ կը մնայ մեր ինքնութեան, միասնութեան եւ ազգային վերելքի խորհրդանիշն ու մեր գոյութեան ու ամբողջական Հայաստանի կերտման գրաւականը:

Կը շնորհաւորենք Արցախի ժողովուրդը իր անկախութեան 30-ամեակին առիթով եւ կը հաստատենք, որ պիտի շարունակենք մեր պայքարը թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ` ի շահ Արցախի ինքնորոշման, ուժեղ պետականութեան վերահաստատման ու ազատութեան:

Հ.Յ.Դ. Բիւրօ

2 Սեպտեմբեր 2021