Category: Աշխարհ
Ատանայի` Ներկայիս Մզկիթի Վերածուած Սուրբ Յակոբ Հայկական Եկեղեցին ԿԸ Շարունակէ Շլացնել Իր Գեղեցկութեամբ. Թուրք Լրատուամիջոցին Անդրադարձը
Թրքական «Անատոլու» պետական լրատուական գործակալութիւնը անդրադարձած է ժամանակին Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ, իսկ ներկայիս մզկիթի վերածուած Ատանայի (պատմական Դաշտային Կիլիկիոյ մէջ) Եաղ (Եուղի) կամ Ուլու մզկիթի պատմութեան: Այդ մասին կը հաղորդէ […]
Ղարաբաղը Հայկական Հող է, Ալ Ի՞նչ Վիճելի Հարց Կրնայ Ըլլալ. Սուրիոյ Հոգեւոր Առաջնորդ
Սուրիոյ հոգեւոր առաջնոր, շէյխ Ահմատ Պատր ատ-տին Հասսուն Սուրիոյ եւ աշխարհի միւս թէժ կէտերուն վերաբերող նիւթին շուրջ ռուսական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի ընթացքին խօսած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մասին, կը հաղորդէ […]
Սոֆիա Անունով Ռոպոթը Ֆրանսախօս Երկիրներու Տնտեսական Համաժողովին Խոստացաւ Ֆրանսերէն Սորվիլ
Արհեստական բանականութեամբ օժտուած Սոֆիա անունով երկաթամարդը (robot) ելոյթ ունեցած է Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս կազմակերպուած տնտեսական համաժողովին ժամանակ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Սոֆիայի ելոյթը անգլերէն եղած է, բայց ան խոստացած է […]
Լիբանանի Նախագահը Այսօր կը Ժամանէ Հայաստան` Մասնակցելու Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Վեհաժողովին
Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան մը, այսօր կը մեկնի Հայաստան, ուր կը մասնակցի Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ վեհաժողովին: «Ազդակ»-ի տեղեկութիւններով՝ կը նախատեսուի, որ Երեւանի մէջ նախագահ […]
Ֆրանսախօս Երկիրներու Ձեռնարկներու Հիւրերը Հնարաւորութիւն Ունին Իրենց Այցելութիւններով Բացայայտելու Հայաստանը
Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը իրականացնելը մեծ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանը աւելի ճանաչելի դարձնելու աշխարհի շատ երկիրներու մէջ, յատկապէս ֆրանսախօս երկիրներու: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին նշած է ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ […]
Ֆրանսախօս Երկիրներու Աւանը Մշակոյթներու եւ Քաղաքակրթութիւններու Հանդիպման Խաչմերուկ է. Աւանը Պաշտօնապէս Բացուեցաւ
Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու հանդիպման վայր եւ խաչմերուկ է: Հոկտեմբեր 9-ին, Երեւանի մէջ կայացաւ աւանի պաշտօնական բացումը: «Հիւրընկալելով ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը՝ մեր մայրաքաղաքի հազարամեայ պատմութեան էջերը զարդարուեցան եւս մէկ բացառիկ եւ գեղեցիկ իրադարձութեամբ: ֆրանսախօս երկիրներու աւանը մէկ յարկի տակ կը միաւորէ աշխարհի 5 ցամաքամասերէն տասնեակ երկիրներ՝ իրենց մշակութային բազմազանութեամբ: ՖՄԿ-ն կը գործէ ի նպաստ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, անդամ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զօրացման: Այս ամենուն վառ ապացոյցն է «Ապրիլ եւ ստեղծել միասին» կարգախօսը եւ այս կարգախօսին ներքոյ կազմակերպուած գեղեցիկ աւանին գոյութիւնը: Անիկա խաչմերուկ եւ հանդիպման վայր է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու համար: Անիկա, կարծես, նուէր ըլլայ մեր 2800-ամեայ մայրաքաղաքին, իր բնակիչներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ըսած […]
Փրակայի Մէջ Հայերէն Ձեռագիրներու Ցուցահանդէս Բացուած է
Փրակայի Ստրահովեան նշանաւոր վանքի գրադարանի Աստուածաբանական դահլիճին մէջ, որ կը համարուի Եւրոպայի հնագոյն եւ շքեղ գրադարաններէն մէկը, Հոկտեմբեր 8-ին, տեղի ունեցած է «Հնագոյն քրիստոնեայ ազգի գանձերը. հոգեւոր արուեստը եւ երաժշտութիւնը միջնադարեան ձեռագիրներուն […]
ԱՄՆ Հայաստանին Ուղղուող Աջակցութեան Ծաւալները Կ՝աւելցնէ
ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Ռիչըրտ Միլս, Հոկտեմբեր 9-ին, յայտարարեց Հայաստանին ուղղուող ԱՄՆ աջակցութեան ծաւալներու յաւելումին մասին: Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութեան տեղեկութիւններով՝ վերջերս, Միացեալ Նահանգները, քաղաքական անցման հետ կապուած հայաստանեան նախաձեռնութիւններուն […]
Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Ընդառաջ Հայաստանը կը Հիւրընկալէ Ֆրանսացի Գրողներ եւ Քաղաքագէտներ
Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ Ֆրանսայէն Հայաստան ժամանած գրողներն ու քաղաքագէտները իրենց մտահոգութիւնները արտայայտած են աշխարհաքաղաքական զարգացումներու վերաբերեալ` Հոկտեմբեր 9-ին հիւրընկալուելով Հայաստանի ազգային գրադարանէն ներս: «Պիտի ներկայացնեմ «Աշխարհիկութեան խորհրդաւորութիւնը» […]
ԱՄՀ-ն Զգալի Չափով Բարելաւած է ՀՀ Տնտեսական Աճի Կանխատեսումը
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (ԱՄՀ) բարելաւած է ՀՀ տնտեսութեան աճի 2018-ի կանխատեսումը 3.4%-էն մինչեւ 6%: Այս մասին, ըստ PanArmenian.net-ի, նշուած է ԱՄՀ համաշխարհային տնտեսութեան (Challenges to Steady Growth) Հոկտեմբեր ամսուան տեսութեան մէջ: ԱՄՀ-ն նաեւ 3.5%-4,8%-ի հասցուցած է 2019-ի ՀՆԱ […]










