Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի Կողմէ Կնքուեցաւ Մէկ Նամականիշով Գեղաթերթիկ՝ Նուիրուած «Աշխարհահռչակ Հայեր. Շառլ Ազնաւուր» Թեմային

Այլեւայլ, Աշխարհ, Հայաստան

Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովին ծիրէն ներս՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ կնքուեցաւ մէկ նամականիշով գեղաթերթիկ՝ նուիրուած «Աշխարհահռչակ հայեր. Շառլ Ազնաւուր» թեմային: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը:

Հոկտեմբեր 11-12-ին4 Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթնաժողովին մասնակցելու համար Հայաստան ժամանած է Ֆրանսախօս երկրի անդամ 84 երկրի պատուիրակութիւն եւ 38 երկրի ղեկավար:

Այսօրուան նիստին ընթացքին՝ ՖՄԿ նախագահութեան լիազօրութիւնները Մատակասքարէն կը փոխանցուին Հայաստանին: Կը հիմնուի համաժողովի բիւրոն: Մասնակիցները կը հաստատեն օրակարգի նախագիծն ու կծրագրաւորեն աշխատանքները: Կը նախատեսուի նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու անդամակցութեան կամ կարգավիճակի փոփոխութեան մասին յայտերու քննարկում:

Հոկտեմբեր 11-12-ին Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթաժողովի օրակարգին մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի ընտրութեան հարցն է: Գագաթնաժողովին թեման է «Ապրիլ միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս երկիրներու տարածաշրջանէն ներս»:

Համընդհանուր արժէքներու վրայ խարսխուած այս թեման հնարաւորութիւն պիտի տայ արտացոլելու Ֆրանսախօս երկիրներու մէջ խաղաղութիւնը, համերաշխութիւնը եւ զարգացումը։ Իբրեւ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթաժողովի նշանակ ընտրուած է նուռը՝ ի նշան ֆրանսախօս երկիրներու ողջ տարածքի խաղաղութեան եւ բարգաւաճման։