Մատակասքարի Ծերակոյտի Նախագահը Ողջունեց Հայաստանի Մեծ Ներդրումը Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովի Կայացման Հարցով

Աշխարհ, Հայաստան

Մատակասքարի ծերակոյտի նախագահ Էլուա Մաքսիմ իր խորին շնորհակալութիւնը կը  յայտնէ Հայաստանի մէջ հոյակապ ընդունելութիւն կազմակերպելու համար:

Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին, ըստ Armenpress.am-ի, Մատակասքարի ծերակոյտի նախագահը ողջունած է Հայաստանի մեծ ներդրումը ձեռնարկի կայացման հարցով:

«Շատ ուրախ եմ, որ կը գտնուիմ Հայաստան: «Ապրիլ միասին» կարգախօսը կը ներառէ բոլոր կարեւորագոյն համամարդկային արժէքները, գաղափարները: Սիրով պիտի ուզէի նշել, որ Մատակասքարը հպարտ է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ ըլլալով եւ հպարտ՝ իր դերակատարութիւնը այս մեծ գործընթացներուն մշտապէս բերելու համար»,- ընդգծած է ան:

Մատակասքարի ծերակոյտի նախագահը մատնանշած է, որ իր երկիրը այսօր առճակատուած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ, եւ նպատակ ունին Մատակասքարը դարձնելու աւելի տեսանելի գագաթնաժողովի ծիրէն ներս:

«Մարդասիրական արժէքներու ծիրէն ներս՝ կոչ կ՝ընենք հասարակութեան համախմբուածութեան ամրապնդման: Կ՝ողջունենք բոլոր այն ղեկավարները, որոնք կը  մշակեն կայուն զարգացման, համերաշխութեան, խաղաղութեան հաստատման ծրագիրներ, որոնք կը պայքարին բռնութեան եւ ծայրահեղականութեան դէմ: Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը մեծապէս նպաստած է եւ պիտի նպաստէ այս բոլոր արժեհամակարգերու ամրապնդման»,- շեշտած է Մաքսիմ:

Ան խորին ցաւակցութիւն յայտնած է հայ ազգին՝ աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի մահուան համար:

«Մեծ երգահան, որ հաւատարիմ մնաց իր ազգի արժէքներուն, որուն կորուստը տխրեցուց ամբողջ ֆրանսախօս աշխարհը»,- եզրափակած է Մատակասքարի ծերակոյտի նախագահը: