Հաւատարիմ Ենք Մեզ Միաւորող Կապերուն, Որոնք կը Բնորոշուին «Ապրիլ Միասին Ֆրանսախօս Երկիրներու Մէջ» Գաղափարախօսութեամբ. ՀՀ Վարչապետի Ելոյթը

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը հպարտ է Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամակցութեամբ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու 17-րդ գագաթնաժողովի բացման արարողութեան ընթացքին, այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այսօր կ՝ուզեմ վերստին ըսել, որ Հայաստանի համար մեծ պատիւ է, որ այս Գագաթնաժողովին կազմակերպումը վստահուած է Հայաստանին։ Այդ առնչութեամբ մենք լիովին կը գիտակցինք մեր վրայ դրուած պատասխանատւութիւնը եւ կ՝ուզենք, որ այդ իրադարձութիւնը բոլորի յիշողութիւններուն մէջ մնայ իբրեւ Կազմակերպութեան էական կեանքի բացառիկ պահերէն մէկը, ինչպէս նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու համակեցութեան եւ համերաշխութեան կարեւոր դրսեւորում։ Հայաստանը Ֆրանսախօս երկիրներու երիտասարդ անդամ է, դիտորդի կարգավիճակով անդամակցութենէն ի վեր անցած է ընդամէնը 15 տարի, մինչդեռ մշակութային եւ լեզուական բազմազանութեան, ֆրանսերէնի եւ Ֆրանսախօս երկիրներու հիմնարար արժէքներու խթանման անոր յանձնառութեան ապացոյցի կարիք չկայ։ Հայաստանը հպարտ է Ֆրանսախօս երկիրներուն անդամակցութեամբ, որ համագործակցութեան, երկխօսութեան եւ փոխանակումներու ընդարձակ տարածք մըն է, եւ բազմազանութեան ու համերաշխութեան նկատմամբ յարգանքի մթնոլորտի մէջ Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններն ու կառավարութիւնները կը համախմբէ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու յարգանքի շուրջ։ Մենք իրապէս հաւատարիմ ենք մեզ միաւորող այդ կապերու բնոյթին, որոնք այնքան լաւ կը բնորոշուին «Ապրիլ միասին Ֆրանսախօս երկիրներու մէջ» գաղափարախօսութեամբ։ Անոնք միասին կը կազմեն այդ համընդհանուր բարիքը, այդ հարստութիւնը, որ մեզի համար կարեւոր է պահպանել ամէն գնով, այդ մեծ առիթը՝ ֆրանսախօս երկիրներու ողջ տարածքին համար։ «Ապրիլ միասին՝ յարգելով համերաշխութիւնը, մարդասիրական արժէքներն ու բազմազանութիւնը՝ իբրեւ խաղաղութեան եւ բարօրութեան հիմք ֆրանսախօս երկիրներու տարածաշրջանէն ներս». այս է Հայաստանի կողմէ առաջարկուած թեմային նշանակութիւնը, որ պիտի արտացոլուի նաեւ մեր աշխատանքներուն մէջ»,- ըսած է վարչապետը:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ դիմելով Ֆրանսախօս երկիրներու անդամ պետութիւններու ղեկավարներուն, նշած է, որ ուրախ է անոնց ողջունելու Հայաստանի ու 2800-ամեայ մայրաքաղաք Երեւանի մէջ:

«Ես եւ ողջ հայ ժողովուրդը ուրախ ենք Երեւանի մէջ հիւրընկալելու ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթնաժողովը։ Կը մաղթեմ բարի գալուստ Հայաստան. Քրիստոնէութեան բնօրրան, հազարամեակներու պատմութիւն եւ մշակոյթ ունեցող յաւերժական Հայաստան, որ այս ամիս կը նշէ իր մայրաքաղաք Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակը։ Իրական, ամուր ինքնութիւն, ստեղծարար ներուժ, ուժգնութիւն ունեցող Հայաստան, որ ապրած է 1915 թուականի Ցեղասպանութեան ողբերգութիւնը եւ այսօր առաջ կը շարժի՝ վստահ ըլլալով իր ապագային համար։ Այս նոր Հայաստանը, որ կ՝առաջնորդուի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» գաղափարներով, այս քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական շարժումով, որ առաջ տարուած է հայ երիտասարդներու եւ կանանց կողմէ, որոնք յաջողած են ողջ բնակչութեան հետ կիսել իրենց «Միասին ապրելու» կամքը ազատ, արդար եւ համերաշխ հասարակութեան մէջ»,- նշած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան, իր խօսքին մէջ անդրադարձած է նաեւ մարդկութեան սպառնացող մարտահրաւէրներուն՝ պետութիւններու ղեկավարներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելով Ցեղասպանութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին:

«Երեւանի գագաթնաժողովը անդրադարձ պիտի կատարէ նաեւ մեզի սպառնացող շարք մը մարտահրաւէրներուն, ինչպէս՝ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցերը, ահաբեկչութեան եւ կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարը կամ գաղթականութեան հիմնախնդիրը, որոնք այդքան մեծ մարտահրաւէրներ են մեր մոլորակին համար։ Մենք վստահ ենք, որ համամարդկային նշանակութեան այս մարտահրաւէրներուն դէմ լուծումները պէտք է գտնուին բազմակողմ հարթակով, քանի որ միասնական եւ համաձայնեցուած գործունէութեամբ, միջազգային համագործակցութեան միջոցով կարելի է արձանագրել յաջողութիւններ նշուած ոլորտներուն մէջ։ Պիտի ուզէի յատկապէս ընդգծել ֆրանսախօս երկիրներու տարածքի խնդիրները եւ ճգնաժամերը, որոնց յանգուցալուծման համար Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութիւնը զգալի ջանքեր կը գործադրէ։ Անոն շատ յաճախ կ՝ուղեկցուին մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի լրջագոյն խախտումներով։ Այն ժամանակ, երբ մենք կը պատրաստուինք նշել Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի պայմանագիրի ընդունման 70-ամեակը, մեր պարտքն է կրկնապատկել մեր ջանքերը` կանխելու նոր ցեղասպանութիւնները, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները: Այս հակամարտութիւններու հետեւողական գոյութիւնը նաեւ կը պարտաւորեցնէ մեզի վերահաստատելու ճանչցուած միջազգային բանակցային ձեւաչափերու ծիրէն ներս հակամարտութիւններու խաղաղ կարգաւորման մեր յանձնառութիւնը: Ատիկա նաեւ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, որուն շուրջ բանակցային գործընթացը կ՝ընթանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի երեք համանախագահ երկիրներու՝ Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ համանախագահութեան ձեւաչափով։ Խօսքը արդէն տասնամեակներ տեւող եւ բազմաթիւ տառապանքներ պատճառած հակամարտութեան մասին է։ Հակամարտութիւնը հակադրութեան մէջ դրած է արդէն աւելի քան 25 տարի իր ինքնորոշման իրաւունքը իրականացնող Լեռնային Ղարաբաղն ու Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչներու հետ երկխօսութիւնը մերժող Ատրպէյճանը։ Մենք համոզուած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը պէտք է որոշիչ ձայն ունենայ խաղաղ բանակցային գործընթացին մէջ, եւ իր կարգավիճակը պէտք է որոշուի՝ հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի՝ իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող կամարտայայտման իրաւունքը։ Միեւնոյն ժամանակ, Լեռնային Ղարաբաղի համար առանցքային նշանակութիւն ունի անվտանգութեան հարցը։ Վերջինս այնքան յաճախ դարձած է իր իրաւունքներու ոտնահարման, խտրականութիւններու եւ վայրագութիւններու զոհ, որ երկխօսութեան եւ ուժի կիրառման կրկնուող փորձերը լուրջ վտանգի տակ կը դնեն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութիւնն իսկ։ Մենք կը հաւատանք, որ խաղաղութեան միտուած մթնոլորտի ստեղծումը առանցքային է կարգաւորման գործընթացի առաջմղման համար եւ մեր ողջ ջանքները ուղղուած են փոխվստահութեան միջոցներու շուրջ արագ եւ համապարփակ համաձայնութիւններու ձեռքբերման խրախուսման, որոնք կենսական նշանակութիւն ունին հակամարտութեան բոլոր կողմերու բնակչութիւնները խաղաղութեան պատրաստելու համար»,- նշած է ՀՀ վարչապետը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր ելոյթը եզրափակած է՝ դիմելով ֆրանսախօս երկիրներու անդամ պետութիւններու երիտասարդներուն. «Ես կ՝ուզեմ ըսել ձեզի, որ մենք կարեւոր կը համարենք այն նպաստը, որ դուք ունիք Գագաթնաժողովին թեմայով, եւ ձեզի կոչ անել համախմբուելու մեզ միաւորող «Ապրիլ միասին» գաղափարի արժէքներու առաջմղման համար՝ մեր հետ միասին նպաստելով աւելի արդար ու հանդուրժող աշխարհի կերտման»։