Հայաստանը ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Բանակցային Գործընթացի Փոփոխութեան Հարց Չի Դներ. Նիկոլ Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացի փոփոխութեան հարց չէ դրած եւ չի դներ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ France 24 հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին, այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Բանակցային գործընթացը պէտք է շարունակուի ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը:

ՀՀ վարչապետը անդրադարձած է նաեւ ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու գագաթնաժողովին ծիրէն ներս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Իլհամ Ալիեւի հետ խօսած են ո՛չ թէ հակամարտութեան կարգաւորման տարբերակներուն, այլ՝ խաղաղ կարգաւորման հասնելու համար անհրաժեշտ մթնոլորտի ձեւաւորման մասին: «Անհնար է խօսիլ հակամարտութեան կարգաւորման մասին, եթէ չկայ խաղաղ կարգաւորման համար անհրաժեշտ մթնոլորտ: Մենք համաձայնած ենք քանի մը կէտի շուրջ, որպէսզի նուազեցնենք լարուածութիւնը Ղարաբաղա-ատրպէյ       ճանական սահմանագիծին եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետ Փաշինեան նաեւ ընդգծած է, որ այն հանգամանքը, որ Ատրպէյճանը կը հրաժարի խօսելէ Լեռնային Ղարաբաղի հետ, կը բացայայտէ այդ երկրի իրական նպատակը, իսկ նպատակը այն է, որ Ատրպէյճանը կ՝ուզէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը առանց այնտեղ ապրող մարդոց: «Անոնց նպատակը տարածքը մաքրելն է այնտեղ ապրող մարդոցմէ»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը: