Հայկական Ոսկրածուծի Նուիրատուներու Հիմնարկի Տարեկան 13-րդ Քայլարշաւը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Մօտաւորապէս 300 հոգի մասնակցեցան Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6-ին, Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին ի նպաստ աւանդական 13-րդ դրամահաւաք-քայլարշաւին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։

Տօնական մթնոլկորտի մէջ իրականացած քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ շարք մը պաշտօնատարներ, համայնքային ղեկավարներ եւ դպրոցներ, համալսարաններ, համայնքային կազմակերպութիւններ ներկայացնող զանազան խումբեր եւ անհատ համակիրներ։

Քայլարշաւը սկսաւ Կլենտէյլի քաղաքապետարանի շէնքին առջեւէն, հոն տեղի ունեցած բացման արարողութենէն անմիջապէս ետք։

Արարողութեան ընթացքին, քայլարշաւի յանձնախումբի ատենապետուհի տոքթ. Քրիսթինա Աշճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիմնարկին նեցուկ կանգնողներուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է արձանագրել աւելի քան 29,000 նուիրատուներ՝ 29 երկիրներէ, եւ իրականացնել 31 պատուաստումներ, ինչպէս նաեւ կեդրոն մը կարելի եղած է բանալ Երեւանի մէջ։ Ան նաեւ ներկայցուց ներկայ կրօնականներն ու պաշտօնատարները եւ անոնց ներկայացուցիչները, իսկ բացման աղօթքը կատարեց Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան։

Ապա, ելոյթ ունեցաւ հիմնարկի հիմնադիր նախագահ դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն, շեշտելով քաղցկեղի պայքարին դէմ երկու հիմնական զէնքերուն՝ յոյսի եւ քաջալերանքի կարեւորութիւնը, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով համայնքին, որ 13 տարիներէ ի վեր նման քայլարշաւներու միջոցաւ նեցուկ կը կանգնի հիմնարկին փրկարար ջանքերուն։

Դոկտ. Ֆրիտա Ճորտըն այնուհետեւ բեմ հրաւիրեց հիմնարկի երկար տարիներու զօրակից՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմընը, որ դրուատեց միաժամանակ հիմնարկն ու անոր զօրակցող համայնքը։ Ֆրիտմըն նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի գնահատագիր մը յանձնեց դոկտ. Ճորտընին։

Զօրակցական խօսքեր արտասանեց նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ Զարեհ Սինանեան, ինչպէս նաեւ Արեգ Պոյամեան՝ «Ֆաունտէյշըն» տարրալուծարանի եւ «Վիազօ» ընկերութեան անունով։

Ապա ներկաներուն հետ իր անձնական փորձառութիւնը բաժնեց հիմնարկին ոսկրածուծ նուիրած Արփինէ Զօհրապեան, որ ինքզինք բախտաւոր համարեց, նկատի ունենալով, որ երեք տարեկան երեխայի մը կեանքը փրկելուն կրցած է աջակցիլ հիմարկին միջոցաւ՝ աւելցնելով, որ միայն 3-6 տարի ապրելու յոյս ունեցած այդ երեխան այժմ 10 տարեկան է արդէն։

Քայլարշաւին բացման արարողութեան վերջին ելոյթ ունեցողն էր Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, ինքզինք «Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին հպարտ զօրակցող մը» կոչելով եւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի գնահատագիր մը յանձնելով դոկտ. Ճորտընին։

Քայլարշաւին մասնակցողները 5 քլմ. քաղեցին քաղաքին մէջ, վերադառնալով Կլենտէյլի քաղաքապետարանի շէնք, ուր մասնակիցները վայելեցին իրենց մատուցուած հիւրասիրութիւնը, յստակացումներ ստացան իրենց շարք մը հարցումներուն եւ առիթը ունեցան արձանագրուելու իբրեւ ոսկրածուծի նուիրատու կամ հիմնարկի կամաւոր աջակից։

Հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.abmdr.am կայքը: