Հայկական Հարցի Մասնագէտ Սէյիտ Սերտչելիքը Էրտողանի Աշխատակզմին Մէջ Կարեւոր Պաշտօն Մը Ստանցնած է

Աշխարհ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը նախագահի աշխատակազմի անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհուրդի անդամ նշանակած է պատմաբան, հայկական հարցի մասնագէտ, փրոֆէսըր Սէյիտ Սերթչելիքը:

Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ Սերթչելիք 2011-ի Թուրքիոյ խորհրդարանի ընտրութիւններուն պատգամաւոր ընտրուած է «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն»-էն (ԱԶԿ): Իսկ 2016-ին նշանակուած է նախագահ Էրտողանի գլխաւոր խորհրդական:

Ան այն եզակի թուրք պատմաբաններէն է, որ կը տիրապետէ 10 լեզուի, ներառեալ հայերէնի եւ ռուսերէնի։

Սէյիտ Սերթչելիքը Ս. Փեթերզպուրկի պետական համալսարանի գրականագիտութեան բաժանմունքին մէջ զբաղած է գիտական գործունէութեամբ: Ան հայերէն գիտցող առաջին թուրք պատմաբանն է, որ հայկական հարցին շուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարած է Մոսկուայի եւ Փեթերզպուրկի ռուսական արխիւներուն եւ գրադարաններուն մէջ:

2009-ին Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ թրքերէն եւ անգլերէն հրատարակուած է անոր` թրքական պաշտօնական թեզը ներկայացնող «Հայկական հարցը ռուսական եւ հայկական աղբիւրներու լոյսին տակ, յառաջացման ընթացքը 1678-1914 թթ.» գիրքը: Իսկ հայկական հարցին առնչուող երկրորդ գիրքը` «Հայկական հարցը ռուսական եւ հայկական աղբիւրներու լոյսին տակ, 1915-1923 գաղութատիրական պատերազմը» հրապարակուած է «Srt» հրատարակչութեան կողմէ: