Ֆրանսան Աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Անհրաժեշտութեան Ուղերձ Կը Յղէ. Մուրատ Փափազեան

Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր ամրագրելով` Ֆրանսան կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, «C News» հեռատեսիլի կայանին հետ  զրոյցի ընթացքին նման կարծիք յայտնած է Ֆրանսայի […]

1915-ին Տեղի Ունեցածը 20-րդ Դարու Խոշորագոյն Վայրագութիւններէն է. Լին Թրէյսի

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները չի ժխտեր պատմական իրողութիւնը եւ այն, որ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, 20-րդ դարու խոշորագոյն վայրագութիւններէն մէկն է: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է […]

Ֆրանսայի Քլիշի Քաղաքին Մէջ Բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած՝ Ազնաւուրի Անուան Հրապարակ

Ֆրանսայի Քլիշի քաղաքին մէջ, բացուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հրապարակ, որ կը կրէ մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի անունը: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան […]

Թուրքիոյ Նախագահի Աջակիցները Ուաշինկթընի Մէջ Պիտի Փորձեն Խանգարել Ապրիլ 24-ի Ցոյցը

Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրհտողանի աջակիցները դարձեալ պիտի փորձեն խանգարել ամերիկացիները՝ օգտուելու ազատ արտայայտուելու իրենց սահմանադրական իրաւունքէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզ»-ը։ «Թուրք-ամերիկեան ազգային ղեկավար կոմիտէ»-ն կը փորձէ […]

Ատրպէյճանի Խորհրդարանի Նախագահը Պատգամաւորներուն Կոչ Ըրած է Ռազմատենչ Յայտարարութիւններով Հանդէս Չգալու

Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատովը կոչ ըրած է պատգամաւորներուն զերծ մնալու արցախեան հակամարտութեան ռազմական ճանապարհով լուծման կոչերէն: Այս մասին կը հաղորդէ Yerkir.am-ը: «Ինչի՞ կրնանք հասնիլ միայն նմանատիպ զգացմունքային, պատերազմի կոչեր […]

Թուրքիոյ Իշխանութիւնները Դարձեալ կը Մեղադրեն Հայկական Լոպպին

Թուրքիոյ կառավարութենէն մեկնաբանութիւն տուած են ատրպէյճանական «Trend» լրատուական գործակալութեան եւ դարձեալ յիշեցուցած են արխիւները բանալու առաջարկին մասին՝ 1915-ին տեղի ունեցածը ուսումնասիրելու նպատակով։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։ «Այն ժամանակ, երբ […]

Սէլինա Տողանը Սուրբ Զատիկի Նուէրներով Պոլսոյ Քաղաքապետարան Այցելած է

Պոլսոյ նորընտիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ նշուող Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան՝ Զատիկի տօնին առիթով հայկական եկեղեցիներ ծաղիկներ ուղարկած է։ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր, ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (CHP) հայ ներկայացուցիչ […]

Ուքրանիոյ Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Աղօթք Պիտի Հնչէ

Ուքրանիոյ տարբեր քաղաքներու հայկական համայնքներուն կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ծիրէն ներս՝ ծրագրուած են եւ պիտի իրականացուին յիշատակի բազմաթիւ ձեռնարկներ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին կը յայտնէ AnalitikaUA-ը: Ապրիլ 23-ին, Լուցկ քաղաքին […]

Սպանիոյ Երեք Քաղաքներու Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ձեռնարկներ Պիտի Իրականացուին

Սպանիոյ Պարսելոնա, Վալենսիա եւ Թոլետօ քաղաքներուն մէջ, Ապրիլ 24-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ պիտի իրականացուին: Այս մասին կը յայտնէ Սպանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան Facebook-ի էջը: «Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ […]

Փարիզի Սուրբ Մարիամ Տաճարին Մէջ Տեղի Ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Ժամերգութիւն

Փարիզի մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամ տաճարին մէջ ժամերգութիւն տեղի ունցած է՝  նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Այս մասին իր Twitter-եան էջին մէջ յայտնած է Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Թոլմաջեան: […]