Հայկական Համայնքը Հարստացուցած է Մեր Անհատականութիւնն ու Մշակոյթը. Արժանթինի Նախագահին Ուղերձը Ցեղասպանութեան Տարելիցին Առիթով

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով՝ Արժանթինի նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրին գրառում կատարած է Twitter-ի իր էջին վրայ։ Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

«Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օրը ես կը փափաքիմ առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնել հայկական մեծ համայնքին, որ ընտրած է Արժանթինը՝ այստեղ ապրելու եւ ապագայ կառուցելու համար՝ հարստացնելով մեր անհատականութիւնն ու մշակոյթը»,- գրած է Արժանթինի նախագահը։

Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24-ը Արժանթինի մէջ հռչակուած է «Ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան եւ յարգանքի օր»՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու: