ԱՄՆ Քոլորատօ Նահանգի Ներկայացուցիչներու Պալատը Ճանչցաւ Արցախի Անկախութիւնը

Աշխարհ, Սփիւռք

Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի ներկայացուցիչներու պալատը ընդունած է Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը, ուր առանձին կէտով ճանչցած է Արցախի անկախութիւնը:

Այս մասին «Երկիր մետիա»-ի հետ զրոյցի ընթացքին  տեղեկացուց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սիմոն Մաղաքեան: