Ճանաչումին Չափ Եւ Աւելի՝ Պահանջատիրութիւն

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գէորգ Պետիկեան

Ապրիլ 24-է։
Իբրեւ հարազատ ժառանգորդները Ցեղասպանութեան զոհ գացած ազգի մը՝ կը յիշենք այս թուականն ու իր արհաւիրքը։ Որովհետեւ, ան դարձակէտ եւ ուղենիշ մըն է իւրա-քանչիւրիս համար։ Ու այս օրերուն ե՛ւ տեսանելի ե՛ւ լսելի է, թէ դարձեալ մեր բոլորին շրթներուն վրայ աղօթք կայ, մեր եկեղեցիներէն ներս մոմի ու խունկի հետ նաեւ յատուկ պատարագ կը մատուցուի, ջարդարարին եւ մեծ պետութիւններուն սովորական յուշագիրներ կը յանձնուին, հայահոծ քաղաքներու փողոցներուն մէջ ալ մեծ ու փոքր քայլարշաւներ եւ ցոյցեր կը կազմակերպուին, աշխարհի չորս կողմերէն եկած ձայներով։
Ու այս ձեւով ու ոճով «Ապրիլը» կը կազմակերպենք, կը յիշատակենք, պատշաճ ե՛ւ արդար ե՛ւ աւանդական։
Պատճառ.- որովհետեւ աւելի քան դար մը առաջ, ազգովին բարբարոս գոհունակութեան մը զոհը դարձած էինք։ Ճակատագրային դժբախտութիւն։
Իսկ հիմա կ՚ուզեմ հեռու մնալ ծեծուած խօսքերէն։
Նախ ըսեմ, որ այս օրերուն դարձեալ մեր բոլորին մտածումները սահմանուած են։
Հայ միտքը կրկին անգամ կը տառապի ազգի ցաւերով։ Տաժանելի է այս զգացումը եւ սակայն կարեւոր ու կենսական է։ Ու յամառօրէն կը փորձենք իմաստ տալ կիսաքանդ պատմական օղակներուն։
Գիտենք, որ ներկայիս աշխարհը անհանգիստ է։ Արդէն, գլխիկոր ինկած են բաւական արժէքներ, իսկ մեր կարգին կարծես տարիներէ ի վեր նոյն կարգախօսը կը ծամենք։ Բայց անպայման՝ կը յիշենք.- թէ
Ցեղասպանութեան հետեւանքով մեր կորուստները եղած էին ահաւոր ե՛ւ հսկայական ե՛ւ տարածքային, ե՛ւ մշակութային, ե՛ւ մարդկային ե՛ւ հոգեբանական։
Ու հիմա.- Ապրիլ 24-է, կը տեսնենք։ Կ՚ապրինք։ Կը յիշեցնենք:
Ու այս «Ապրիլը» կը կարծեմ, որ տարբեր է իր նախկիններէն։ Եւ միշտ այդպէս պէտք է որ ըլլայ։ Կ՚ուզենք, որ տարբեր ըլլայ։ Իւրաքանչիւր Ապրիլ, պէտք է որ իր նախկինէն տարբերի, որովհետեւ վերջ ի վերջոյ ունինք մեր սեփական արժանապատուութեան զգացումը եւ մանաւանդ՝ բոլորով ալ պատասխանատու ենք պատմութեան առջեւ։ Անոր համար է, որ նոր յոյսեր շարուած են մարդկային կեանքի հորիզոններուն վրայ։
Նաեւ անմեղօրէն ըսեմ.-թէ
Անցեալ Մարտի կիսուն, Ալապամա Նահանգը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Միացեալ Նահանգներու 49-րդ նահանգը։ Այս մասին հայ մամուլը արագ եւ օրին արձագանգեց։ Շեփորեց։ Դրական եւ նոյնքան ալ ուրախալի երեւոյթ։
Բայց…Ճանաչումը բաւարար չէ լուծելու համար մեր դատը։
Կարեւորը, արդար լուծումն է, որ կ՚ենթադրէ խլուածն ու կողwպտուածը, իւրացուածն ու գողցուածը վերադարձնել բուն տիրոջ, իրաւատիրոջ եւ նման սկզբունքներու շուրջ կարելի չէ սակարկել։
Ու մեզի համար այլեւս նորութիւն չէ, որովհետեւ նաեւ դառն իրականութիւն է, որ միջազգային դիւանագիտութեան ասպարէզին մէջ քաղաքական շահեր հետապնդելու համար, յաճախ մեր ողբերգութիւնը կ՚օգտագործուի, անկախ մեր կամքէն, սաստելու համար Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները։ Անպայման քաղաքագէտ ըլլալու պէտք չկայ հասկնալու համար այս իրականութիւնը եւ մանաւանդ ներկայ մեծ պետութիւններու դիւանագիտական խաղերն ու անոնցմէ ծնած շահերը։
Անոր համար եւ արդարօրէն բոլորս ալ, մեր աչքերը կը կեդրոնացնենք մեր միակ հայրենիքին վրայ։ Ազատ եւ անկախ Հայաստանին։ Ահա կայ եւ կը մնայ էականը։
Ու կ՚ակնկալենք…, որովհետեւ…:
Բոլորս ալ կը հաւատանք եւ կը հաստատենք, որ մեր հայրենիքը, մեր ազգային դիմագիծի հիմքն է։ Ու նորութիւն չէ, որ ան վերագտած է իր ազատ եւ անկախ ապրելու հպարտութիւնը։ Ու տակաւին տարի մը առաջ էր, երբ Հայաստանի մէջ նոր յեղափոխութիւնը եկաւ: Ու արդէն տեսանելի է, թէ նոր կեանքի բոցը վարակած է մեր հոգին։
Բոլորով հաստատեցինք, թէ մեր անկախութիւնը ալ ժողովրդականացած է։
Ու երեւակայեցէ՛ք, ի՜նչ հրաշքներ կրնայ գործել անկախ մեր հայրենիքը։ Ու միշտ հպարտ պէտք է նշել, որ աշխարհի տարածքին, բոլոր հայերուս սիրտն ու միտքը միշտ եղած է եւ կը մնայ հայրենիքի հետ։ Առանց սակարկութեան՝ նուիրուածութիւն։
Հաւատքի աղբիւր է Հայաստանը, ոչ մէկ կասկած, որ մեզ կը միացնէ իբրեւ միասնական մէկ ազգի բաղադրիչ տարր։
Նաեւ կրնանք բացագանչել, թէ Հայաստանը իր ներկայ ժողովրդականացած կառոյցով, մեր պայքարի յուսալի յենարան ալ է, հայ ժողովուրդի նպատակներու յաղթանակին, ամէնէն ամուր խարիսխն ըլլալով հանդերձ։ Որովհետեւ ներկայ իր սահմաններով, ան կը հանդիսանայ պատմականօրէն Մայիսեան մեր առաջին հանրապետութեան շարունակութիւնը, ուր խտացուած են ազգային արժէքներ, որոնք ժառանգուած էին հազարամեակներու մեր պատմութեան ընթացքին։ Եւ վերջապէս՝ Հայաստանը է՛ եւ կը մնայ համայն հայութեան ազգային գոյատեւման ապահով վստահութիւնը, ինչ որ Սփիւռքը չունի։
Մէկ հայրենիք ունինք, որուն շուրջ միաւորուած են Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութիւնը, հաւասարապէս եւ անկեղծ։
Ու հաստատապէս՝ մեր մօտ հայրենիքի սէրը ո՛չ տալ է, ո՛չ առնել է, այլ՝ ըլլալ է։
Իսկ հիմա, այս բոլորէն ետք, երբ կը խօսինք Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մեր արդար դատի ու մեր պահանջատիրութեան ոգիի եւ իրաւունքներու մասին, կը կրկնեմ, որ ազատ եւ ինքնիշխան Հայաստանը, իր քաղաքական բոլոր կառոյցներով պարտաւոր է հանդէս գալ տարագիր հայութեան հայրենիքի օրինական պահանջքին։
Այլ խօսքով աջակից եւ յանձնառու մնալ համայն հայութեան բոլոր իրաւունքներուն։
Ահա թէ ինչո՞ւ Ցեղասպանութեան առնչուող բոլոր հարցերուն, կէտերուն, լուծման տանող բանակցութիւններուն եւ խորհրդածութիւններուն մէջ Հայաստան-Սփիւռք համակարգուած աշխատանքը էական եւ կենսական կը նկատեմ։ Ահա թէ ինչո՞ւ այս «Ապրիլը» տարբեր պէտք է, որ ըլլայ իր նախկիններէն:
Ըլլանք համախմբուած եւ համագործ, կը կրկնենք ու կրկնած ենք միշտ, մանաւանդ, որ ներկայիս զոհի բարդոյթ չունինք ալ։ Պատեհութեան եւ պոռոտախօսութեան զոհը չդառնանք։ Պատմութեան անգիտութիւնը ներելի չէ։ Պայման է հայրենի իշխանութիւնները աշխարհի տարածքին վառ պահեն հայութեան մտքին մէջ պահանջատիրութեան ոգին, որպէսզի վաղը մեծցող մեր նոր սերունդը չմսի։
Ազգային յանձնառութիւն է այս։ Էական եւ կենսական: Ծարաւ է մեր ժողովուրդի ոգին։ Պէտք է զայն ազգային գիտակցութեամբ լիցքաւորել:
Մեր բոլորի փափաքն ու երազն է, որ ներկայի խելամիտ իշխանութիւնը, իր պետական քաղաքականութիւնը շաղախէ առողջ ձգտումով: Այլ խօսքով՝ պետական մտածողութեան մէջ ազգային պահանջատիրութիւնը դասէ առաջնահերթ։
Պայման է, որ ներկայիս, Հայաստանի «ձայնը» ըլլայ յստակ, զօրեղ, մաքուր, հնչեղ եւ ամրակուռ խարիսխի վրայ։
Նոր սերունդ մը ունինք, համբուրելի գիտակից եւ օժտուած։ Պահենք զայն հաստատ մեր ազգային հրապարակին վրայ։ Եւ որովհետեւ պահանջատէր ալ ենք, ուստի այդպէս ալ շարունակենք նոյն ոգիով թրծել։
Հայաստանէն արձակուած խօսքերուն, աշխատանքներուն եւ բանակցութիւններուն կ՚ակնկալենք, որ միշտ տրուի աւելի յստակ ազգային եւ քաղաքական գոյն ու բովանդակութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ նուաճել ազգային մեր բոլոր իրաւունքները։
Մնանք պահանջատէր կ՚ըսեմ եւ կը կրկնեմ, ի խնդիր մեր ժողովուրդի թիւի, հողերուն, մշակոյթին, նիւթական հարստութեան զգալի կորուստներուն արդարութեան սիրոյն:
Չկորսնցնենք ազգային մեր եսը։
Այս բոլորը յանդգնութեան եւ կամքի ուժի կը կարօտին։ Դարերու մեր պատմութիւնը մեզի կը ներշնչէ ինքնագիտակցութիւն։ Ուղղութիւն կու տայ ապագայ կարելիութիւններուն։
Տէր մնանք մեզմէ խլուած հողին եւ ջուրին։ Միջազգային ընտանիքէն Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջքը բաւարար չէ։ Չխաբուինք: Մեզի արդարութիւն է պէտք եւ անպայման՝ յատուցում։
Լաւ յիշեցէ՛ք, արդար իրաւունքը չի մեռնիր, եթէ մենք ազգովին պահանջատէր մնանք: Մանաւանդ՝ միասնակամ։
Ուխտ է այս մէկը։
Բոլորս կը հաւատանք նման պայքարի ուժին եւ յաղթանակին։
Ու համայն հայութիւնը իր պետութենէն կը սպասէ, կ՚ակնկալէ նման արդար լուծումներու իրականացումը:
Այս է Ապրիլեան օրուան խորհուրդը.կը կարծեմ։
Այս է նաեւ ընդհանուր յայտարարը, որ ի մի պիտի բերէ հաւաքական եւ անհատական հայ բոլոր միաւորները։ Վստահինք մեր սեփական մտքին, ուժերուն եւ ազգային շահերուն։ Կարեւորը երթն է, նոր յաղթանակներու, ձեռքբերումներու ճանապարհը։
Ցեղասպանութիւն տեսնող ազգ մը չի կրնար դաւաճանել իր հայրենիքին, իր ժողովուրդին եւ իր ազգին։
Մեր պամութիւնը տակաւին թարմ է եւ կը շնչէ ու ես նման մտածումներով ուրիշ աշխարհէ չէ որ կու գամ։