Օրենճ Քաունթիի Վերահսկիչներու Խորհուրդը Ճանչցաւ Ցեղասպանութիւնը

Օրենճ Քաունթիի վերահսկիչներու խորհուրդի փոխատենապետ Միշել Սթիլի նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 23-ի առաւօտեան, խորհուրդը յաջորդական 4-րդ տարին ըլլալով վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը, կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը։ Նիստին ներկայ էին գաւառի հայութեան […]

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Տմիթրի Մետվետեւի Հետ

 Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երկուշաբթի, Ապրիլ 29-ին, կառավարական առանձնատան մէջ հիւրընկալեց աշխատանքային այցելութեամբ Երեւան ժամանած Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տմիթրի Մետվետեւը:  Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն։ Փաշինեան ողջունելով Մետւետեւը, ըսաւ․ “Հայաստանի […]

Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցած է ԵԱՏՅ Խորհուրդի Նիստը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի խորհուրդի հերթական նիստը: Ապրիլ 29-ին կայացած նիստին մասնակցած են Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու փոխվարչապետները:  Նիստին մասնակցած են ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, […]

2018-ին Հայաստանի Ռազմական Ծախսերը Աւելցած են 33%-ով. Զեկոյց

2018 թուականին Հայաստանի ռազմական ծախսերը կազմած են 609 միլիոն տոլար, որ 33 տոկոսով աւելի է, քան 2017 թուականին: Այս մասին կը վկայեն Սթոքհոլմի խաղաղութեան խնդիրներու հետազօտութեան միջազգային հիմնարկին (Stockholm International […]

Հայերու Տեղահանութիւնը Ոչ Ցեղասպանութիւն Էր, Ոչ Ալ Մեծ Աղէտ. Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում  կուսակցութեան» (ԱԶԿ-AKP) ժողովին ժամանակ անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին՝ ներկայացնելով արխիւները բանալու թրքական հերթական կոչերը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով Gazeteguncel-ը։ «Հայերու […]

Փայլան Թուրքիոյ 1919-1922-ի Պատերազմական Ատեանի Արխիւներուն Մասին Հարցումներ Կ՛ուղղէ Էրտողանի Օգնականին

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի գրասնեակէն 26 Ապրիլին հաղորդած են, որ ան Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի օգնական Ֆուաթ Օքթային յղած է հետեւեալ նամակը՝ պատասխանի պահանջով. «Նախագահ Էրտողան […]

Հայաստան Կոչ Կ՝ընէ Միջազգային Հանրութեան՝ Խստօրէն Դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Թուրքիոյ Նախագահին Հասցուցած Վիրաւորանքը

Հայաստան կոչ կ՝ընէ միջազգային հանրութեան՝ խստօրէն դատապարտելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու եւ զայն վերապրածներու յիշատակին եւ արժանապատւութեան Թուրքիոյ նախագահի հասցուցած վիրաւորանքը եւ առաւել վճռական քայլեր ձեռնարկելու՝ ժողովուրդները ցեղասպանութենէ պաշտպանելու պետութիւններու պատասխանատւութեան […]

Հայաստանի ՄԻՊ-ին Անկախութեան ու Արդիւնաւէտ Աշխատանքի Ամենաբարձր «A» Միջազգային Կարգավիճակ Պիտի Շնորհուի

Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի 2018 թուականի ու անոր նախորդող քանի մը տարիներու գործունէութիւնը ենթարկուած է միջազգային վերանայման՝ ՄԱԿ-ի փարիզեան սկզբունքներով սահմանուած մարդու իրաւունքներու ազգային ուսումնարաններուն առաջադրուող անկախութեան պահանջներուն համապատասխանութեան տեսանկիւնէ: Ըստ պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն փոխանցուած տեղեկութեան՝ այդ վերանայման իբրեւ արդիւնք՝ առաջարկուած է հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան շնորհել ամենաբարձր «A» միջազգային հեղինակաւոր կարգավիճակը։ Մակի մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի քարտուղարութեամբ գործող մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութիւններու համաշխարհային միաւորման անկախ յանձնախումբին կողմէ այս բարձր կարգավիճակի հաստատումը կը վկայէ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի լիարժէք անկախութեան, վստահելիութեան ու արդիւնաւէտ աշխատանքի մասին։ «A» կարգավիճակը մարդու իրաւունքներու ազգային հաստատութեան իրաւունք կը վերապահէ մասնակցելու միջազգային կառոյցներու, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու խորհուրդի աշխատանքներուն եւ որոշումներու կայացման, հանդէս գալու յատուկ ելոյթներով, օգտուելու միջազգային համապատասխան կառոյցներու ղեկավար մարմիններու մէջ ընտրուելու եւ այդ մարմիններու ընտրութիւններուն քուէարկութեան իրաւունքէն։ […]

Փորթուկալի Խորհրդարանը Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան խորհրդական Պետօ Տէմիրճեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ 2019ի Ապրիլ 26ին Փորթուկալի խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է՝ ճանչնալով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Չինական Ընկերութիւնը Հայաստանի Գիւղերէն Մէկուն Մէջ 3-4 Միլիոն Տոլար Ներդրումով Ջուրերու Գործարան Պիտի Կառուցէ

Չինական «Նիւ Իդա» ընկերութիւնը Լոռիի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ 60 աշխատատեղ ունեցող ջուրերու գործարան պիտի կառուցէ: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝ այս մասին ըսած է «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» միջազգային երկրորդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Չինաստան […]