Սուրիոյ Միւֆթին Բերիոյ Թեմի Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց

Երկուշաբթի, 17 Յունիս 2019-ի միջօրէին, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ահմետ Պատրէտտին Հասսուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Բերիոյ հայոց թեմի նորընտիր առաջնորդին` Մասիս եպս. Զօպուեանի: Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ տեղի […]

Հայ Դատը Արցախի Հետ Երկխօսութեան Դէմ Արգելքները Վերցնելու Կոչ Կ՛ընէ Փոմփէոյին

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ այս շաբաթ, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումին սեմին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին, […]

Պուրկ Լէ Վալանսի Քաղաքապետը Պիտի Բողոքարկէ Շուշիի Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրը Չեղարկելու Մասին Դատարանի Որոշումը

Պուրգ լէ Վալանսի քաղաքապետ Մարլեն Մուրիէ յայտարարած է վարչական դատարանի կողմէ 2014-ի Հոկտեմբերին Շուշիի քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեանի հետ ստորագրած բարեկամութեան հռչակագիրը չեղարկելու որոշումը բողոքարկելու մտադրութեան մասին: «Ես կը վիճարկեմ վարչական դատարանի […]

Պոլիս Գտնուող Հայաստանցի Գաղթականներու Հարցի Քննարկում

Պոլսոյ «Պիլկի» համալսարանին մէջ, Յունիս 13-ին, գումարուեցաւ աշխատաժողով մը եւ ներկայացուեցաւ տեղեկագիր մը, զոր պատրաստած են «Հրանդ Տինք» հիմնադրամը եւ համալսարանին Գաղթականութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնը։ Այս տեղեկագիրին մէջ ներկայացուած են Թուրքիոյ […]

Արցախի Հետ Բարեկամութեան Հռչակագիրները Չենք Ստորագրած Ֆրանսայի Անունէն. Ֆրանսայի Քաղաքապետներ

«Ափսոսանքով կը նշենք Կրենոպլի վարչական դատարանի կողմէ Վալասնս, Պուրկ լէ Վալանս, Պուրգ տը Փէաժ քաղաքներու եւ Դրոմի նահանգի ու Արցախի Հանրապետութեան տեղական եւ տարածքային մարմիններու միջեւ ստորագրած Բարեկամութեան հռչակագիրներու միաժամանակեայ […]

Չեղարկուած են Ֆրանսայի 4 եւ Արցախի Տարբեր Քաղաքներու Միջեւ Ստորագրուած Բարեկամութեան Հռչակագիրները

Չեղարկուած են Ֆրանսայի 4 քաղաքներու եւ Արցախի տարբեր քաղաքներու միջեւ ստորագրուած բարեկամութեան հռչակագիրներ:  Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն: «Արցախի եւ Ֆրանսայի 12 քաղաքներու […]

Յայտնի է Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ Նախարարներու Հանդիպման Օրը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը կը նախատեսուի իրականացնել Ուաշինկթընի մէջ, Յունիս 20-ին: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Կը յայտնենք, որ Յունիս 20-ին կը […]

Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետ Արմէն Մազլումեան Կը Մեծարուի

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) գահերէց շէյխ Խալիֆա պըն Զայէտ էլ Նահիան պետութեան սահմաններուն մէջ 2019ը յայտարարած է «Հանդուրժողականութեան տարի»՝ նպատակ ունենալով իր պետութիւնը հանդուրժողականութեան համաշխարհային մայրաքաղաք դարձնել, հաւաստելով անոր արժէքը՝ […]

Քոնկրէսական Ճէքի Սփիր Կոչ Ըրած է 40 Միլիոն Տոլարով Աւելցնելու Հայաստանին Տրուող Աջակցութիւնը

ԱՄՆ քոնկրէսական, Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնաժողովի անդամ Ճէքի Սփիր կոչ ըրած է 40 միլիոն տոլարով աւելցնելու Հայաստանին տրուող աջակցութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։ Ելոյթ ունենալով Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ՝ Սփիր […]

Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս Դարձեալ Արցախ Կը Գտնուի

Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան լորտերու պալատի անդամ Պարոնուհի Քերոլայն Քոքս դաձեալ Արցախ կ՛այցելէ։ Յունիս 13-ին ան հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ  Արտաքին գործոց […]