ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Պալատը Հաստատած է Արցախի Մէջ Ականազերծման Ծրագիրին Համար 1.5 Միլիոն Տոլար Յատկացնելու Նախաձեռնութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը հաստատած է Արցախի մէջ ականազերծման ծրագիրին եւ վերականգնման ծառայութիւններուն համար 1.5 միլիոն տոլարի չափով օգնութիւն տրամադրելու նախաձեռնութիւնը:

Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը:

2020 տարուան արտասահմանեան օգնութեան մասին օրինագիծին փոփոխութիւնը ներկայացուցած է Թիճէյ Քոքսը: Փոփոխութեան առաջարկին կողմ քուէարկած է 231, դէմ՝ 187 քոնկրեսական:

«Լեռնային Ղարաբաղը ականներու պայթիւններէն քաղաքացիական բնակչութեան մէջ ունի կորուստներու բարձր ցուցանիշ: HALO Trust-ի տուեալներով՝ վերջին տասնամեակներուն ընթացքին՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականներու պայթիւններուն հետեւանքով զոհուած է 400 խաղաղ բնակիչ: Իմ կողմէն ներկայացուած փոփոխութիւնը պիտի ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման եւ վերականգնման ծրագիրներու շարունակական ֆինանսաւորումը: Ես լի եմ վճռականութեամբ աշխատելու Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնաժողովի իմ գործընկերներուն, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ HALO Trust-ին հետ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ համայնքներու վերականգնումը ապահովելու հարցով»,- ըսած է Քոքս: