ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու Պալատը Հաստատած է Հայաստանին 40 Միլիոն Տոլարի Յաւելեալ Աջակցութիւն Տրամադրելու Նախաձեռնութիւնը

Աշխարհ, Հայաստան

ԱՄՆ Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու պալատը հաստատած է Հայաստանին 40 միլիոն տոլարի յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու նախաձեռնութիւնը, որուն հեղինակն  է Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ճեքի Սփիր:

Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը:

Նախագծին կողմ քուէարկած 268, դէմ` 152 քոնկրեսական:

«Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ այն լայն աջակցութիւնը, որ մենք այսօր տեսանք Սփիրի նախաձեռնութեան, կ՛արտացոլէ Քոնկեսի երկկուսակցական համաձայնութեան՝ Հայաստանի ժողովրդավարական ձգտումներուն, ԱՄՆ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան զարգացմանն աջակցելու հարցով»,- ըսած է ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան:

«Քոնկրեսի կողմէ այս նախաձեռնութեան հաստատումը հայերուն հզօր ազդանշան կու տայ, որ ԱՄՆ-ն կը ճանչնայ անոնց ոգեշնչող ժողովրդավարական առաջընթացը, կ՛աջակցի աւելի հաշուետու կառավարութիւն ձեւաւորելու անոնց ձգտումներուն եւ պիտի աշխատի անոնց հետ` ճկուն, պատասխանատու հիմնարկներ ստեղծելու համար»,- ըսած Սփիր:

Ներկայացուցիչներու պալատը կողմ քուէարկած է 2020-ին օտարերկրեայ աջակցութեան մասին օրէնքի նախագիծին մէջ փոփոխութիւն մտցնելու` Ճեքի Սփիրի առաջարկին: