Անուանակոչութիւն Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Արարատ Լեռէն Մասունք Մը Նուիրուեցաւ Եկեղեցւոյ

Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Էշրեֆիէի (Լիբանան) Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Շաբաթ, 15 Դեկտեմբերին կատարուեցաւ  ոչխարներու զենում, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցան մատաղի պատրաստութիւն եւ եկեղեցական արարողութիւններ, իսկ Կիրակի, […]

ՀՀ Նախագահը Մասնակցած է Վրաստանի Նոր Նախագահի Երդմնակալութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վրաստանի Թելաւի քաղաքի՝ Իրակլի Երկրորդի պալատին մէջ, Դեկտեմբեր 16-ին ներկայ եղած է Վրաստանի նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան: ՀՀ նախագահի աշխատակազմի […]

Անթիլիասի Մայրավանքին Տօնածառն ու Ս. Մսուրը Լուսաւորուեցան Փոքրիկներու Հոծ Բազմութեան Մասնակցութեամբ

Ուրբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2018-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նախատօնակը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ […]

Նաւակատիքի Պաշտամունք Հալէպի Հայ Աւետարանական Էմանուէլ Եկեղեցիի

Հայր Աստուած, մեր Հայրը որ երկինքն ես, Տէր Յիսուս, Որդի Աստուծոյ, Փրկիչ Աշխարհի, Գլուխն Եկեղեցիի, Հոգին Սուրբ Աստուած, մեր կենարար Առաջնորդը, Մխիթարիչը, Սրբացնողը, Տէրը եւ կեանք պարգեւողը, Քեզի կը նուիրենք […]

Ռուսիա Կ՛ակնկալէ ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Բանակցութիւններու Վերսկսումը Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Ձեւաւորումէն Ետք

Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը, այս մասին Պաքուի […]

Զինուորական Ապահովագրութեան Հիմնադրամը Հաւաքագրած է 12.5 Միլիառ Դրամ

Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին հաւաքագրուած է աւելի քան 12.5 մլրդ դրամ, իսկ կատարուած ընդհանուր հատուցումներու ծաւալը կը կազմէ 771 միլիոն դրամ: Այդ մասին Դեկտեմբեր 13-ին կայացած Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի […]

Հայկակ Արշամեան Յաջողած է Վերադարձնել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Նկատմամբ Վստահութիւնը

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան կրցած է վերացնել Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ հիմնադրամին նկատմամբ ձեւաւորուած անվստահութեան մթնոլորտը: «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Արշամեան ըսած է Դեկտեմբեր 14-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի […]

Համազգայինը Ելեկտրոնային Գրադարան Ստեղծած է

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը իր ֆէյսպուքեան էջին միջոցով կը տեղեկացնէ, որ ստեծած է ելեկտրոնային գրադար մը։  Andrioid եւ IOS համակարգերու համար ստեղծուած ե-գրադարանը անվճար կրնաք ներբեռնել app store էն եւ կամ […]

Բակօ Սահակեան Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատարական Կազմին Ներկայացուցած Պաշտպանութեան Նորանշանակ Նախարարը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Դեկտեմբեր 14-ին այցելած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն: Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը, նախագահը Պաշտպանութեան բանակի բարձրագոյն հրամանատարական կազմին ներկայացուցած է […]