Տօնածառ Ջան, Տօնածառ…

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Արա Նախշքարեան
(մենք միշտ ալ անհրաժեշտը կը խառնենք շքեղութեան հետ)

Այս անգամ խօսելով, չեմ ըսեր՝ աշխարհի մէջ, այս անգամ կ’ըսեմ՝ Հայաստանի մէջ աղքատ ու սոված երեխաներու թիւը զարգացած երկիրներու հետ համեմատութեան մէջ, տոկոսային յարաբերութեամբ, կը գերազանցեն աշխարհի աղքատ երեխաներու թիւին։ Հարիւրաւոր, հաւանաբար եւ հազարաւոր երեխաներ, աչքերը հեռուն յառած, կը սպասեն, թէ ոեւէ մէկը իրենց ձեռք պիտի մեկնէ ու ստեղծուած անյուսալի վիճակէն դուրս քաշէ։ Հայաստանի մէջ, հարիւրաւոր երեխաներ օրուայ չոր հացին կարօտ կուչ կու գան փոքրիշատէ յարմար անկիւն մը ու անիծելով իրենց բախտը, կը փակեն աչքերը (այս պահուն, ընթերցող, երբ գրեցի վերջին միտքս, աղջիկս փռշտաց) լուսաբացին, չուզելով, որ կրկին անցնին այդ դժոխքին մէջէն։

Բայց, իբրեւ կանոն այդպէս չըլլար։ Իբրեւ կանոն, ունեցողին կը տրուի, չունեցողէն կը վերցուի։

Ինչ որ է…

Քանի մը օրէն, այս տարին ալ պիտի վերջանայ, ու աշխարհի ժողովուրդները պիտի թեւակոխեն մեր թուարկութեան 2019-րդ տարին։ Մէկը ուրախ, միւսը թախծոտ, երրորդը՝ արցունքակոխ աչքերով… բայց անպայման պիտի դիմաւորեն նորը, Նոր Տարին։ Շատ երեխաներ այդպէս ալ կարօտ մնալով հացի, տաք հագուստի ու տան կտուրի։ Երեխաներ ալ կան, որ իրենց վերջին յոյսը կապած են Ամանորին իրենց «թաքուն այցելող Կաղանդ Պապա»-յի հետ, որ այդպէս ալ՝ շատ զբաղած ըլլալուն պատճառով՝ պիտի չհասցնէ կատարել իրենց ցանկութիւնը։ Մինչդեռ, հայրենի իշխանութիւնն ու կառավարութիւնը «Նոր Հայաստանի չորրորդ հանրապետութեան» ամանորեայ առաջին տօնակատարութեան առիթով, միայն Հանրապետութեան հրապարակի գլխաւոր տօնածառին համար 71 միլիոն դրամ կը ծախսեն՝ պատշաճ կերպով դիմաւորելու համար սովորական օրերու նման մթնող-լուսցող օրը։

Կարելի էր խնայել, կարելի էր այդ գումարով քանի մը տխուր ու անյոյս երեխայի դէմքին ժպիտ նկարել, որ իրենք ալ զգային Հայրենիքի մէջ շրջող «յեղափոխութեան մունետիկ»-ի շունչը իրենց ականջին տակ։

Կարելի էր չէ՞…

Ակամայ յիշեցի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին, երբ պետական այցով կը գտնուէր հարեւան Թիֆլիս։ Քաղաքապետը՝ տեսնելով վարչապետի ոչ պատշաճ հագ ու կապը՝ ձմեռնային տաք վերարկու մը կը նուիրէ։ Վարչապետը, հրաժարելով այդ տաք նուէրէն, արագ կ՝ըսէ,- «Հայրենիքի մէջ դեռ սոված ու անօգնական մանուկներ կան, ես չեմ կրնար նման շռայլութիւն արտօնել ինծի»։

Համեմատե՞նք…

Դուրսը XXI դարն է… Պէտք է, որ այլեւս աշխարհը փոխուած ըլլար դէպի լոյսը, բայց, ինչպէս կը տեսնենք դեռ փողոցներուն մէջ կը թափառին սոված ու անտուն, երազանքներով լեցուն ու հաւատքը կորսնցուցած մանուկները։

Յ.Գ.
Յիշե՛նք. Հանրապետութեան հրապարակի գլխաւոր տօնածառը կ՝արժէ 71 միլիոն դրամ, այսինքն՝ 150,000 ամերիկեան տոլար։ Մօտ այդքան ալ (եթէ ոչ աւելի) պիտի ծախսուի մնացեալ հանդիսութիւններուն համար, ու քանի մը օր ուրախ զուարթ թռթռալէ ետք՝ պիտի աւարտի ամէն բան, բայց փողոցներուն մէջ պիտի շարունակեն թափառիլ սեւ հացին կարօտ մանուկները։

Սիրելի պետական այրեր, այդպէս չե՛ն կառուցեր երկիրը, այդպէս հաւասարութեան նշան չե՛ն դներ հայրենի ժողովուրդին մէջ, մեր եւ ձեր երեխաներուն մէջ, անոնք հաւասար են երկնքի, երկրի ու հանուր մարդկութեան առջեւ…

Հարիւրաւոր երեխաներ, այդպէս ալ, Ամանորին կրկին տօնածառ պիտի չկարենան զարդարել…