Հայկակ Արշամեան Յաջողած է Վերադարձնել «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Նկատմամբ Վստահութիւնը

Հայաստան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան կրցած է վերացնել Հայաստանի ու սփիւռքի մէջ հիմնադրամին նկատմամբ ձեւաւորուած անվստահութեան մթնոլորտը:

«Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` այս մասին Արշամեան ըսած է Դեկտեմբեր 14-ին հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

«Երբ ստանձնեցի այս պաշտօնը, Հիմնադրամի նկատմամբ վստահութեան մեծ խնդիր կար թէ՛ Հայաստաի մէջ եւ թէ՛, յատկապէս, դուրսը: Հոկտեմբերին ճամբորդած եմ Գանատա, նաեւ Միացեալ Նահանգներ, այնտեղ հանդիպած եմ բազմաթիւ կազմակերպութիւններու, նուիրտուներու ու նաեւ անհատներու հետ, եւ փորձած ենք որքան հնարաւոր է վերականգնել այդ վստահութիւնը»,- ըսած է ան:

Այն հարցումին, թէ գործադիր տնօրէնը, արդեօք, յաջողա՞ծ է վերականգնել նաեւ սփիւռքի մէջ գործող աւանդական կուսակցութիւններու վստահութիւնը, Արշամեան դրական պատասխան տուած է:

«Քալիֆորնիոյ մէջ հանդիպած եմ տեղի արեւմտեան մասի դաշնակցութեան ղեկավարութեան, Անթիլիասի եկեղեցւոյ ղեկավարին հետ, նաեւ ռամկավար կուսակցութեան գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած եմ ու կը վստահեցնեմ, որ գոնէ աւանդական կուսակցութիւններու մէջ փարատուած են այդ անվստահութեան բոլոր տարրերը»,- նշած է ան:

Գործադիր տնօրէնի խօսքով` իր խօսքերուն ապացոյցը հիմնադրամին կատարուած նուիրատուութիւններու աճն է, որոնք պիտի օգտագործուին Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրականացուելիք շարք մը ծրագիրներ իրականացնելու համար:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի նախկին գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան խոստովանած էր, որ տնօրինելով հիմնադրամին տրամադրուած 25 միլիոն դրամի վարկային գծով դրամատնային քարտը, ատոր միջոցները օգտագործած է անձնական նպատակներով, գումարը ուղղելով տարբեր առցանց խաղատուներու մէջ խաղադրոյքներ կատարելուն: