Զինուորական Ապահովագրութեան Հիմնադրամը Հաւաքագրած է 12.5 Միլիառ Դրամ

Հայաստան

Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամին հաւաքագրուած է աւելի քան 12.5 մլրդ դրամ, իսկ կատարուած ընդհանուր հատուցումներու ծաւալը կը կազմէ 771 միլիոն դրամ:

Այդ մասին Դեկտեմբեր 13-ին կայացած Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի հերթական նիստի ընթացքին ըսած է հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վարուժան Աւետիքեան:

Նախորդ նիստի ընթացքին որոշուած էր հատուցումներ տրամադրել նաեւ 2015-2016 թուականներու զոհուած եւ հաշմանդամութիւն ձեռք բերած զինծառայողներու ընտանիքներուն: Ըստ Վարուժան Աւետիքեանի` վերջին 4 ամիսներուն կատարուած է նշուած ժամանակահատուածին վերաբերող 147 դէպքի հատուցում, որոնցմէ 140-ը զոհուած,  7-ը` զինհաշմանդամներու ընտանիքներուն:

Որոշուած է հոգաբարձուներու խորհուրդի յաջորդ նիստի ընթացքին քննարկել նաեւ 2015-էն աւելի առաջ, առնուազն եւս երկու տարիներուն տեղի ունեցած դէպքերու հատուցման հնարաւորութիւնը: