Ռուսիա Կ՛ակնկալէ ԼՂ Հակամարտութեան Կարգաւորման Բանակցութիւններու Վերսկսումը Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Ձեւաւորումէն Ետք

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսիա կ՛ակնկալէ, որ Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք Հայաստանն ու Ատրպէյճանը վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւնները: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, վկայակոչելով ԹԱՍՍ-ը, այս մասին Պաքուի մէջ սկիզբ առած Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին ըսած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերգէյ Լաւրով:

«Երեկ ես շարունակական եւ մանրամասն զրոյց ունեցած եմ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Մենք զգացած ենք բանակցութիւնները վերսկսելու եւ կառուցողական  հանգուցալուծում գտնելու անոր անկեղծ տրամադրուածութիւնը: Ռուսիան որպէս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մտերիմ գործընկեր  եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր`  պիտի ընէ ամէն ինչ փոխզիջման հասնելու  անհրաժեշտ պայմաններ ստեղծելու համար»,- ըսած է Լաւրով:

Լաւրով յիշեցուցած է, որ նախապէս տեղի ունեցած են շփումներ երկու երկիրներու ղեկավարներու եւ արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներու միջեւ, սակայն անոնք կայացած են մինչեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւնները: «Հիմա, երբ այդ փուլը արդէն անցեալի մէջ է, կը սպասուի կառավարութեան ձեւաւորումը, որմէ ետք, ես կը կարծեմ, հայկական կողմը պատրաստ պիտի ըլլայ ատրպէյճանցիներու, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ վերսկսելու բանակցային գործընթացը»,- աւելցուցած է ՌԴ ԱԳ նախարարը: