ՀՀ Նախագահը Մասնակցած է Վրաստանի Նոր Նախագահի Երդմնակալութեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Վրաստանի Թելաւի քաղաքի՝ Իրակլի Երկրորդի պալատին մէջ, Դեկտեմբեր 16-ին ներկայ եղած է Վրաստանի նորընտիր նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի երդմնակալութեան պաշտօնական արարողութեան:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան տեղեկութիւններով՝ մինչ արարողութիւնը պատասխանելով լրագրողի հարցին՝ նախագահ Սարգսեան, մասնաւորապէս, նշած է,- «Հայաստանն ու Վրաստանը, ինչպէս նաեւ մեր երկու ժողովուրդները հազարաւոր տարիներու բարեկամական ու եղբայրական յարաբերութիւններունին։ Մենք իսկապէս եղբայրական ժողովուրդներ ենք։ Աւելի քան բնական է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պէտք է այսօր ներկայ ըլլար այստեղ, երբ Վրաստանը նոր նախագահ ընտրած է։

Կը շնորհաւորեմ Վրաստանը, երկրի նախագահը։ Վրաստանին ու նոր նախագահին՝ յառաջիկա տարիներուն յաջողութիւններ կը մաղթեմ։

Կ՝ակնկալեմ աշխատիլ վրաստանի նախագահի, կառավարութեան ու խորհրդարանի, ամենակարեւորը՝ ժողովուրդի հետ՝ առաւել ամրապնդելու մեր յարաբերութիւնները»։

Նոյն ծիրէն ներս՝ նախագահ Սարգսեան նաեւ կարճատեւ զրոյցներ ունեցած է  երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցող պատուիրակութիւններու ղեկավարներու եւ շարք մը հիւրերու հետ։