«Հոգեւոր Հայաստան» Համանուագային Հանդէս Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակին Առթիւ

Չորեքշաբթի, 27 Մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, համագործակցութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմին եւ«Orchestre Symphonique de Laval»ի, Մոմորանսի գոլէճի «André-Mathieu» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «ՀոգեւորՀայաստան» համանուագային հանդէս մը, նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին:Համերգը կը վայելէր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանիհովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը: Հանդիսութեան հովանաւորներն էին տիկին Շաքէ Կէօնճեան, տիարՄանուկ Չուխաճեան, «Բաստրմաճեան» հիմնադրամն ու տէր եւ տիկին Աւետիս եւ Մարալ Թաշճեանները: Յանուն Ազգային Առաջնորդարանին, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց օրդ. Նորա Արուշեան: Բացառիկ կոչուելու արժանի նուագախումբը, խմբավարութեամբ տիար Ալէն Թրուտէլի, առաջին բաժինովկատարեց Ռավէլի «Գուփերէնի գերեզման» ստեղծագործութիւնը եւ Կոմիտաս Վարդապետիստեղծագործութենէն պարերգներ, որոնց նուագախմբային մշակումը կատարած էր երաժշտագէտ ՊետրոսՇուճունեան: Երկրորդ բաժինով ներկայացուեցաւ Պրամսիի «Ողբերգական նախերգական»ը, «Արար 81»ը եւ ԿոմիտասեանՊատարագի նուագախմբային տարբերակը՝ նոյնպէս տիար Շուճունեանի մշակումով: ԵրաժշտագէտըԿոմիտասեան Պատարագի այս մշակումը ձօնեց Թեմիս Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն ԱրքեպիսկոպոսՉարեանի Քահանայական օծման 35-ամեակին: Նշենք, որ հանդիսութեան ներկայ էին հազարի հասնող հանդիսատեսներ, որոնցմէ պատկառելի թիւ մը՝օտարներ: Դիւան Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի

Հնագէտները Կ՝ահազանգեն Շինարարութեան Հետեւանքով Տիարպեքիրի Պատմական Պարիսպներուն Վնաս Հասցնելուն

Այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի պարիսպները, որոնք կը գտնուին UNESCO-ի Համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան ցուցակին վրայ, կը վնասուին պարիսպներու մօտակայքը կառուցուող «Ազգային այգի» կոչուող զբօսայգիի շինարարական աշխատանքներուն հետեւանքով: Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, […]

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոշտ Արձագանգած է Էմանուէլ Մաքրոնի Հրամանագիրին

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն կոշտ արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան ազգային յիշատակի օր ճանչնալու մասին հրամանագիրին: Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, Չաւուշօղլուն […]

Ռեմոն Գէորգեան Մաս Կը Կազմէ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան Հետազօտութեան Յատուկ Յանձնաժողովին

Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25-ամեակին առթիւ՝ նախագահ Մաքրոնի յատուկ յանձնարարութեամբ՝ կը ստեղծուի «Պատմաբաններու եւ հետազօտողներու յանձնաժողով մը, որ պիտի կատարէ խորքային աշխատանք, կեդրոնանալով 1990-էն 94 Ռուանտայի վերաբերող ֆրանսական դիւանաթուղթերու ուսումնասիրութեան վրայ»։ Յանձնաժողովը […]

Ռազմաքաղաքական Դաշինքը Համապարփակ Փաստաթուղթ Է

“Ազդակ”-ի խմբագրական Ապրիլ 9-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան կողմէ «Ապրիլեան պատերազմի դասերը եւ մեր ընելիքները» նիւթով կազմակերպուած քննարկումին ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց […]

Այս Քայլով Իտալական Կողմը Վերահաստատեց Իր Հաւատարմութիւնը Համամարդկային Արժէքներուն․ Իտալիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպան

 «Կ՛ողջունենք Ապրիլ 10-ին Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատին կողմէ 382 կողմ, 43 ձեռնպահ, 0 դէմ ձայներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախաձեռնութեան ընդունումը»,- յայտարարած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը` ելոյթ ունենալով […]

Մաքրոն Ստորագրեց Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Օր Հռչակելու Մասին Համաձայնագիրը

Ֆրանսայի նախագահը կատարեց Փետրուարին հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն տուած իր խոստումը: Ապրիլ 10-ին էմանուէլ Մաքրոն հրամանագիր ստորագրեց եւ Ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս հռչակել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր, կը հաղորդէ “Երկիրմետիա”-ն Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան […]

Մայրենի Լեզու, Ազգային Լեզու, Ինքնութեան Լեզու

Յ. Պալեան Քո բերանից ո՞վ գողացաւ Հայ ազգի շունչ հայոց լեզուն, Որ Մասիսի հետ էլ անձկաւ Օտար լեզուով ես դու խօսում: Յովհաննէս Շիրազ               Երեւան, ագահօրէն, ամէն օր, հեռատեսիլին պաստառին […]

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Ակումբի Նորակառոյց Սրահի Բացումը՝ Պէյրութի Մէջ

Չորեքշաբթի, 10 Ապրիլ  2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» ակումբի նորակառոյց սրահի բացման հանդիսութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. […]