Մայրենի Լեզու, Ազգային Լեզու, Ինքնութեան Լեզու

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Քո բերանից ո՞վ գողացաւ
Հայ ազգի շունչ հայոց լեզուն,
Որ Մասիսի հետ էլ անձկաւ
Օտար լեզուով ես դու խօսում:
Յովհաննէս Շիրազ

 

            Երեւան, ագահօրէն, ամէն օր, հեռատեսիլին պաստառին առջեւ նստած, ես ալzapping կ’ընեմ, ոչ թէ պատկերներու յաջորդականութեամբ ձանձրոյթ փարատելու համար, այլ բազմաթիւ կայաններէ յորդող հայերէն լսելու: Այդ կրկնուող, աղմկող, լուսաբանող, հմայող բառերով կ’ապրիմ իմ իրաւութիւնս: Ափսոս, որ այդ հայերէնը յաճախ կը խարանուի օտար բառերով եւ օտարաբանութիւններով:

            Երեւան կարելի է միջազգային կեանքին հետեւիլ հեռատեսիլէն ռուերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով: Անոնց աղմուկը մունետիկի կանչի կը նմանի:

            Ֆրանսերէնը ինծի տուած է հոգեմշակութային հարուստ գիտութիւն, անով ճամբորդած եմ գաղափարներու աշխարհին մէջ, վարժուած եմ անով մտածել: Գրադարանիս մէջ ներկայ են դարերը դրոշմած յունական հրաշքի մեծերը, որոնց ծանօթացած եմ անոնց այնքա՜ն հարազատութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարուած վերծանումներով, նաեւ ֆրանսական գրականութեան մեծերը, հիները եւ մեր ժամանակակիցները: Անոնցմով վարժուած եմ սաւառնիլ:

            Բայց միշտ վերադարձած եմ հայերէնին, անոր կարեւոր եւ նուազ կարեւոր էջերուն մէջ գտած եմ իրաւութիւնս, ճշմարտութիւն՝ որ սոսկ գիտութիւն չէ: Գիտական-իմացական հարստացում եղած է ֆրանսերէնը: Եթէ հոն կանգնած մնայի, հաւանօրէն ֆրանսերէնի մէջ ինքնաորդեգրուած պիտի ըլլայի, թերեւս շահած պիտի ըլլայի անուն, հռչակ եւ դրամ, ինքնութեան աղօտումով կամ կորուստով վճարելով խորթացումներու գինը:

            Չեմ մտներ գիտապատմական վերլուծումներու փորձին մէջ, գիտնալու՝ թէ ինչպէ՞ս ստացած ենք այն հրաշալի գործիքը, զոր կը կոչենք լեզու: Անով սկսած է իսկական մարդեղութիւնը, ժողովուրդներու հարստացումը՝ իրենց տարբերութիւններով, որոնք ծնունդ տուած են ինքնութիւններու եւ մշակոյթներու:

            Իւրաքանչիւր ժողովուրդի անդամ բնական կերպով կը ստանայ, պէտք է ստանայ իր լեզուն: Ան կը տրուի եւ կը ստացուի որպէս մայրենի լեզու: Իր ինքնութեան հաւատարիմ եւ ինքզինք յարգող անձը իր զաւակին եւ իր յաջորդներուն, որպէս ինքնութեան ժառանգութիւն եւ իւրայատկութիւն, կու տայ ի՛ր լեզուն՝ որպէս մայրենի լեզու, նոպէլեան դափնեկիր գրող մը կ’ըսէր՝ մայրական կաթով տրուած-ստացուած:

            Հայը, քիչ մը ամէն տեղ, եւ ամէն օր, կը դիմագրաւէ իր սեփական լեզուն կորսնցնելու, այդ լեզուով չխօսելու դատապարտուելու սպառնալիքը: Այս ազգին համար գոյութենական խնդիր է, խնդիր է նաեւ բոլոր ժողովուրդներուն համար: Այս ամէն օր քիչ մը աւելի շեշտուող վտանգին դէմ կանգնելու համար, պէտք չէ ապաւինել միայն հաւաքական կարելիութիւններու,- դպրոց, պետութիւն,- այլ նախ՝ սեփական անձին: Յաճախ այս կը մոռնանք:

            Մեր զաւակները կը սիրենք, կ’ուզենք որ անոնք յաջողին, երջանիկ ըլլան: Բայց ինչո՞ւ չենք մտածեր, որ անոնց մեր կողմէ ըլլալիք լաւագոյն նուէրը անոնց անխարդախ ինքնութիւնն է, որուն անփոխարինելի ուժը եւ լոյսը մեր լեզուն է: Ինչպէ՞ս, հարց պիտի տան ոմանք, գործնապաշտներ եւ պարտուածներ: Պատասխանը կարծուածէն աւելի պարզ է.մեր զաւակներուն հետ, մեր յարկին տակ, ամէն օր պէտք է խօսինք մեր լեզուն, այս ձեւով ան կը դառնայ մայրենի լեզու:

            Ոմանք կը խորհին, որ լեզուն սոսկ հաղորդակցական միջոց է, հետեւաբար հայերէն խօսինք, անգլերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, թէ ռուսերէն, միեւնոյնն է: Այս պարզացումէն մեկնելով, հարց տանք, թէ ինչո՞ւ մայրենի լեզուն կարեւոր է: Ի հարկէ որպէս ազգ-մշակոյթ կտակուած լեզուին կը վերաբերի խօսքը, այսինքն՝ ինքնութիւն եւ հարազատութիւն փոխադրող հայրերու-արմատներու լեզուին, որուն մէջ կայ մեզ նախորդողներու իրաւ պատմութիւնը, ոչ հացական պատմութիւնը, որ մեզ դարձուցած է եւ կը դարձնէ ընկեցիկ:

            Այն լեզուով որ կը խօսինք մեր զաւակներուն հետ անոնց սորված առաջին լեզուն է, բնական կարգով այդպէս պէտք  է ըլլայ: Անով է որ անոնք մեզի հետ կը հաստատեն իրենց առաջին կապը, կապը՝ մեր ընտանիքին, գերդաստանին, տոհմին, մշակոյթին, ներկային, անցեալին եւ զիրենք շրջապատող աշխարհին հետ: Գիտենք, որ լեզուն պայման է կեանքի մէջ մտնելու, ընկերութեան անդամ դառնալու, եւ առաջին հերթին ծնողքն է զաւակը այդ մուտքին պատրաստողը: Այսինքն, ծնողներն են առաջին դաստիարակները: Բնական պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդի մը անդամներուն համար, այդ առաջին դաստիարակութիւնը կը կատարուի մայրենի-հարազատ լեզուով, որմով երեխան կը դառնայ ընտանիքի անդամ եւ շարունակութիւն:

            Մայրենի լեզուն կը բանայ հաղորդակցութեան դռները սեփական եւ հարազատ մշակութային աւանդութիւններու եւ ժառանգութեան, ի հարկէ նոյն լեզուով խօսող անմիջական եւ ընդլայնուած շրջանակի հետ՝ որ ազգն է, անով կը նուաճուի անդամութիւնը եւ մէկութիւնը: Խօսելով մայրենի լեզուով, նոյն լեզուով, նոյն մշակոյթին մասնակից կը դառնանք, չենք օտարանար իրարու: Այս ձեւով տեղի կ’ունենայ նորերու կազմաւորումը, առանց խզումներու:

            Ոչ մէկ արգելք կայ որ նորերը սորվին նոր լեզուներ, միջավայրի լեզուն, կամ գործնական եւ լայն ասպարէզի առաջնորդող լեզուներ: Փոքր տարիքին իսկ, երեխաները դիւրութեամբ կը դառնան երկլեզու (bilingue): Հետաքրքրական փորձեր կան այն ընտանիքներու պարագային, օրինակ, երբ հայրը արեւելահայերէն կը խօսի եւ մայրը՝ արեւմտահայերէն, մանուկը կ’իւրացնէ երկու աշխարհաբարները եւ գիտէ, թէ ո՞ր լեզուով պիտի խօսի մէկուն կամ միւսին հետ: Շփոթը երէցներու միտքին մէջ է եւ ոչ մանուկին:

            Հայկական սփիւռք(ներ)ը լեզուական խճանկար (mosaïque) կը դառնայ կամ է, պարզ այն պատճառով տարբեր շրջանակներու մէջ թաթխուած ըլլալով, «պարտադիր» բնոյթ ունին տեղական լեզուները, տեղ մը ֆրանսերէն, ուրիշ տեղ՝ անգլերէն, արաբերէն, գերմաներէն, թրքերէն, սպաներէն, ռուսերէն, վրացերէն, եւայլն: Իւրաքանչիւր աշխարհագրական-քաղաքակրթական շրջանակ կը ստիպէ, որ մայրենի-ազգային լեզուի կողքին հայածունդները սորվին տեղական լեզուները: Այս մայրենի-ազգային լեզուի կողքինըմբռնումն է որ խնդիր ստեղծած է եւ կը ստեղծէ:

            Կողքի՞ն՝ թէ ի հեճուկս: Այս խնդիրն է որ պէտք է լուծուի: Անհատական մանրուքներով լուծումները թափահարումներ են, համազգային (Հայաստան եւ սփիւռք) իսկական քաղաքականութիւն պէտք է, ընդդէմ մանրքաղքենիական ցուցամոլիկութեան եւ կրպակային հոգեբանութեան: Եթէ այս չընենք այսօր, պէտք է գիտնանք, որ պատմութիւնը մեզի պիտի չներէ մեր անձնատուութիւնները:

            Մանկավարժական պարզ հաստատում մը. մայրենիին տիրապետող անձը դիւրութեամբ կրնայ ուրիշ լեզուներ սորվիլ, մանաւանդ՝ հայերէնի, քանի որ մեր լեզուի ձայնանիշային համակարգը շատ աւելի կատարեալ է ուրիշ լեզուներու բաղդատած: Մէկէ աւելի լեզուներ գիտնալով աւելի կը զարգանայ մեր մտածելու կարողութիւնը: Հետեւաբար, շատ կանուխէն երբ կը ծանօթանանք լեզուներու, մեր կարողութիւնները ոչ թէ խոչնդոտուին, այլ կը զարգանան:

            Մայրենի լեզուին տիրապետել կ’երաշխաւորէ ընտանիքին մէկութիւնը, կը զօրացնէ անոր շաղախը: Այս ընելու համար մայրենի լեզուն իր բոլոր արտայայտութիւններով ներկայ պէտք է ըլլայ երէցներու եւ նորերու յարաբերութիւններուն մէջ,- թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ, նաեւ առօրեայ, ինչպէս մարզանք, խոհանոց, տնտեսութիւն: Մայրենի լեզուն կը նահանջէ, երբ բանջարեղէններուն, պտուղներուն, ծառերուն, ծաղիկներուն եւ ուտեստներուն հայերէն անուանումները կ’անհետանան, նոյն հունով արհեստներու, արուեստներու, գիտութեան, ճարտարագիտութեան: Լեզուն կը նահանջէ, երբ կը ներգրաւուինք աշխարհի բոլոր օտարաբարբառ երգերով:

            Մայրենի լեզուն ընտանիքի, ժողովուրդի եւ ազգի ինքնութեան պահպանման անփոխարինելի նեցուկն է: Պէտք է հրաժարիլ բանգիտական այն կեղծմանկավարժութենէն, որ մայրենի լեզուի ուսուցումը արգելք կ’ըլլայ անմիջական կեանքի յաջողութեան նախապայման համարուած լեզուի կամ լեզուներու ուսուցման: Մանկավարժութիւնը նման վարկած երբեք չէ ունեցած: Իսկ յոռեգոյնը կը պատահի, երբ երկրորդ կամ երրորդ լեզուին չտիրապետող ծնողներ կը ճգնին այդ լեզուները սորվեցնել, սխալ սորվեցնել: Իսկ մանկավարժական պարզ ըմբռնումը կ’ըսէ, որ սխալ սորվածը սրբագրել եւ ճիշդը սորվեցնել աւելի դժուար է քան նորը սորվեցնել:

            Գիտակից հայ ծնողքին հաւատարմութեան պարտականութիւնն է ընել այնպէս, որ մայրենի լեզուն ըլլայ անփոխարինելի հաղորդակցական միջոց, խօսելու, գրելու, կարդալու, որպէսզի մայրենի-ինքնութիւն լեզուն չըլլայ, Շաւարշ Միսաքեանի դիպուկ բանաձեւումով, «հաց պանիրի հայերէն»:

            Հայերէնը որպէս մայրենի լեզու պէտք միշտ կենսագործել մինչեւ այն ատեն, որ չենք ընդունած, որ ծագումով հայ ենք, կամ չենք եզրակացուցած, որ ծագումով հայ ըլլալու դատապարտուած ենք:

            Այս խնդիրը որպէս հիմնական գոյապայքար պէտք է ընդունիլ, ընելով մարդկային եւ նիւթական ներդրումները, մարմարի աժան անմահութենէն եւ շաուներու (show) նահանջի կարապի երգերէն առաջ:

            Պերթրանտ Ռասըլ կ’ըսէր, որ ազգերը չեն մեռնիր, անձնասպան կ’ըլլան, այդ անձնասպանութեան թոյնը մայրենիին կորուստն է:

            Այս գիտակցութիւնը եւ անոր յաջորդող յանձնառութիւնը ինչպէ՞ս իրականացնել՝ հոն ուր հայ կայ, որպէսզի օր մը չըսուի… թէ հոն հայեր կային:

            Բայց ի՞նչ բանի համար են ղեկավարութիւն(ներ)ը, կամ ի՞նչ պէտք է ընել, որպէսզիշաուները (show) ղեկավարում չհամարուին:

            Բանաստեղծ Համօ Սահեանն է իրա՛ւ ղեկավարը: Եզրակացնենք լեզուի մասին իր երկու տողով.

Կարող էինք ապրել անգամ առանց հողի,
Բայց առանց քեզ ապրել չէինք կարող։