Հնագէտները Կ՝ահազանգեն Շինարարութեան Հետեւանքով Տիարպեքիրի Պատմական Պարիսպներուն Վնաս Հասցնելուն

Աշխարհ, Էրկիր

Այժմեան Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի պարիսպները, որոնք կը գտնուին UNESCO-ի Համաշխարհային մշակոյթի ժառանգութեան ցուցակին վրայ, կը վնասուին պարիսպներու մօտակայքը կառուցուող «Ազգային այգի» կոչուող զբօսայգիի շինարարական աշխատանքներուն հետեւանքով: Այս մասին, ըստ Yerkir.am-ի, կ՝ահազանգեն հնագէտները, որոնք կը նշեն, որ հորատող մեքենաներու ցնցումներուն հետեւանքով պարիսպներուն հիմքերը կը տկարանան:

Նշենք, որ զբօսայգիի կառուցման ծրագիրը դժգոհութիւն առաջացուցած էր բնակչութեան մէջ: UNESCO-ի պատուիրակութիւնը՝ կատարած հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ յայտարարած էր, որ «Տիգրիսի վերակառուցման ծրագիրը» վնաս կը հասցնէ շրջանի բնապահպանական համակարգին: Անկէ ետք աշխատանքները դադրեցուած էին, սակայն ընտրութիւններէն առաջ, Էրտողանի խոստումներէն մէկը համարուող «Ազգային այգի» զբօսայգիին աշխատանքները վերսկսած էին: