Ռեմոն Գէորգեան Մաս Կը Կազմէ Ռուանտայի Ցեղասպանութեան Հետազօտութեան Յատուկ Յանձնաժողովին

Սփիւռք

Ռուանտայի ցեղասպանութեան 25-ամեակին առթիւ՝ նախագահ Մաքրոնի յատուկ յանձնարարութեամբ՝ կը ստեղծուի «Պատմաբաններու եւ հետազօտողներու յանձնաժողով մը, որ պիտի կատարէ խորքային աշխատանք, կեդրոնանալով 1990-էն 94 Ռուանտայի վերաբերող ֆրանսական դիւանաթուղթերու ուսումնասիրութեան վրայ»։

Յանձնաժողովը պիտի գլխաւորէ Վենսան Տիւքլէռ։ Յանձնախումբի ինը մասնագէտներուն մէջ է   նաեւ ֆրանսահայ ծանօթ պատմաբան Ռեմոն Գէորգեան, կը հաղորդէ “Նոր Յառաջ”-ը։