Այս Քայլով Իտալական Կողմը Վերահաստատեց Իր Հաւատարմութիւնը Համամարդկային Արժէքներուն․ Իտալիոյ Մէջ ՀՀ Դեսպան

Աշխարհ, Հայաստան

 «Կ՛ողջունենք Ապրիլ 10-ին Իտալիոյ պատգամաւորներու պալատին կողմէ 382 կողմ, 43 ձեռնպահ, 0 դէմ ձայներով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախաձեռնութեան ընդունումը»,- յայտարարած է Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեանը` ելոյթ ունենալով Իտալիոյ Պատգամաւորներու պալատին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ նախաձեռնութեան ընդունման առթիւ:

Հայաստանի դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է Խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական ուժերուն Նախաձեռնութեան սատարելու համար:

«Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնենք Նախաձեռնութեան հեղինակ իշխող «Լեկա» կուսակցութեան անդամ, պատգամաւոր Փաոլօ Ֆորմենթինիին եւ 34 համահեղինակներուն, ինչպէս նաեւ իրենց ելոյթներով Նախաձեռնութիւնը սատարող բոլոր խորհրդարանականներուն:

Պատգամաւորներու պալատը, յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, ընդգծեց, որ մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու դէմ իրականացուածը ցեղասպանութիւն է, եւ կոչ ըրաւ Իտալիոյ կառավարութեան պաշտօնապէս ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր միջազգային հնչեղութիւն հաղորդելու:

Այս քայլով իտալական կողմը վերահաստատեց իր հաւատարմութիւնը համամարդկային արժէքներուն` իր ներդրումը ունենալով ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման ճանապարհին»,-ըսած է դեսպանը իր խօսքին մէջ: