Ապրիլ 22-ին Աստուածամօր Տաճարին Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Պատարագ Պիտի Մատուցուէր

Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ, որ երէկ յայտնուեցաւ հրդեհի ճիրաններուն մէջ, Ապրիլ 22-ին նախատեսուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագ: Յիշեցնենք, որ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ կը նշուի Հայոց Ցեղասպանութեան […]

Հայաստան Արեան Պետական Պաշարներ Պիտի Ունենայ

Հայաստանի մէջ արեան բաղադրամասերու պետական պաշարներ պիտի տեղծուին, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակազմի եւ «Փրոֆէսոր Ռ.Օ.Եոլեանի անուան արիւնաբանական կենտրոն»-ի աշխատակիցները մշակած են «Արեան բաղադրամասերու պետական պաշարներու ստեղծման, պահպանման […]

Քիեւի ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ «Ուքրանիա-Հայաստան. Պատմութիւն, Մշակոյթ, Զբօսաշրջութիւն» Խորագիրով Համաժողովը

Ապրիլ 15-ին Քիեւի մէջ տեղի ունեցած է «Ուքրանիա-Հայաստան` պատմութիւն, մշակոյթ, զբօսաշրջութիւն» խորագիրով միջազգային գիտագործնական համաժողովը` նուիրուած Սերգէյ Փարաջանովի 95-ամեակին: Ինչպէս կը յայտնէ AnalitikaUA.net-ը, ձեռնարկը նախաձեռնած էին Քիեւի Տարաս Շեւչենկոյի անուան ազգային […]

Ցեղասպանութիւն Ընդդէմ Ցեղասպանութեան. Անգարայի Պատմութիւնը Վերաշարադրելու Փորձը

“Ազգակ”-ի խմբագրական Հերթական անգամ, երբ Հայոց ցեղասպանութեան մասին որեւէ պետութիւն պաշտօնական բարձրաձայնում կատարէ, Անգարայի հակազդեցութիւնը կ՛ըլլայ այնքան կարծր, որ դիւանագիտական տագնապի նախանիշ փոխանցած ըլլալու համոզում կը փոխանցէ: Աւելի՛ն. հայ քաղաքական […]

Վանայ Տառեխի Ձուադրման Շրջանին Խիստ Վերահսկողութիւն Սահմանուած է

Վանայ լիճին մէջ ապրող միակ ձկնատեսակի` տառեխի պահպանման նպատակով ձուադրման շրջանին ոստիկանութիւնը խիստ վերահսկողութիւն պիտի իրականացնէ ձկնագողերուն դէմ: Թրքական TRT–ի փոխանցմամբ` Վանայ լիճին մէջ տառեխներու ձուադրման շրջանին նահանգի ոստիկանութիւնը 2 նաւակ եւ 10 մեքենայ յատկացուցած է յատուկ Վանայ լիճին շուրջ խիստ վերահսկողութիւն […]

Փարիզի Աստուածամօր Տաճարի Հրդեհը Մարած է․ Տաճարի Վերականգնման Համար Դրամահաւաք Սկսած է

Ժամեր տեւած հրդեհը մարելու աշխատանքներուն շնորհիւ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկած հրդեհը կրցած են մարել: Հրդեհը լիովին ոչնչացուցած է տաճարի տանիքը, սրածայր գագաթն ու ժամացոյցը:  SHANTNEWS.am-ի փոխանցմամբ, կը յայտնէ Figaro-ն: Հրշէջները […]

Մեր Աղօթքներով Զօրակցութիւն Կը Յայտնենք Բոլոր Ֆրանսացիներուն. Գարեգին Բ․

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր խօսքը  ուղղած է ֆրանսացիներուն`  Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկած հրդեհին կապակցութեամբ: «Սրտի խորը ցաւով կը հետեւինք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ողբերգութեան: Սուրբ Աստուածամօր տաճարը […]

Եգիպտական «Տիուան» Պարբերականի Անդրադարձը` Հայոց Ցեղասպանութեան

Եգիպտական «Ահրամ»-ի հրատարակութիւն «Տիուան» (Դիւան) ամսաթերթը ապրիլ ամսուան թիւով բաւական լայն եւ ուրոյն անդրադարձ կատարած է Հայկական հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, մշակոյթին, համաշխարհային հռչակ վայելող հայոց եւ այլն: Թիւին մէջ […]