Փարիզի Աստուածամօր Տաճարի Հրդեհը Մարած է․ Տաճարի Վերականգնման Համար Դրամահաւաք Սկսած է

Աշխարհ

Ժամեր տեւած հրդեհը մարելու աշխատանքներուն շնորհիւ Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկած հրդեհը կրցած են մարել:

Հրդեհը լիովին ոչնչացուցած է տաճարի տանիքը, սրածայր գագաթն ու ժամացոյցը:  SHANTNEWS.am-ի փոխանցմամբ, կը յայտնէ Figaro-ն:

Հրշէջները կը շարունակեն հովացնել տաքցած կառոյցները, որպէսզի հրդեհը չվերսկսի: Հրդեհը մարելու աշխատանքներու ժամանակ մէկ հրշէջ վիրաւորուած է: Հրդեհի ժամանակ հասցուցած են տաճարէն դուրս բերել Փշէ պսակը, որ խաչելութենէն կարճ ժամանակ առաջ եղած է Յիսուսի գլխուն:

Ապրիլ 16ին կը սկսի դրամահաւաք` տաճարի վերականգնման աշխատանքներուն համար: Դրամահաւաքի մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն` նշելով, որ Աստուածամօր տաճարը ֆրանսացիներու պատմութիւնն է, գրականութիւնը, հոգիին մասնիկը: