Մեր Աղօթքներով Զօրակցութիւն Կը Յայտնենք Բոլոր Ֆրանսացիներուն. Գարեգին Բ․

Հայաստան

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս իր խօսքը  ուղղած է ֆրանսացիներուն`  Փարիզի Աստուածամօր տաճարին մէջ բռնկած հրդեհին կապակցութեամբ:

«Սրտի խորը ցաւով կը հետեւինք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ողբերգութեան: Սուրբ Աստուածամօր տաճարը քրիստոնէական հաւատքի բազմադարեայ վկայարաններէն է, իր պատմական առաքելութեան հետ մէկտեղ մեր ժամանակներուն նաեւ կարեւոր խորհրդանիշը Ֆրանսայի բարեկամ մեր երկրին: Մեր աղօթական զօրակցութիւնը կը յայտնենք բոլոր ֆրանսացիներուն, Կաթոլիկ մեր Քոյր Եկեղեցիին»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ  ՝ նշած է Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: